Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսաց սինոդը: Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսաց սինոդը: 

Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդը:

Ներկայացուեցան փոքրիկ խմբակներուն զեկոյցները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներու 13 նստաշրջանին ընթերցեցուեցան 12 փոքրիկ խմբակներուն կողմէ պատրաստուած զեկոյցները:

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացուած զեկոյցներուն մէջ ի յայտ եկած է, որ եկեղեցին պէտք է ունկնդրէ երկիր մոլորակին եւ ժողովուրդներու ճիչերը: Եկեղեցին պէտք է որ   աղքատներուն կողքին կանգնի կասեցնելով բռնութիւնները, սեռային շահագործումները, բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն խախտումը, վերջապէս պայքարելով հոգին ու մշակոյթը սպաննող բոլոր չարիքներուն դէմ:

Զեկոյցներուն մէջ ընդգծուած է եկեղեցական ասպարէզէն ներս աշխարականներուն ներկայութիւնը: Աշխարականներու շնորհել  եկեղեցական պաշտօններ:  Շօշափուած է նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանէն ներս կին սարկաւագներու եւ ամուսնացեալ քահանաներուն նիւթերը:

Սինոդի ծիրէն ներս փոքրիկ խմբակները խնդրած են եպիսկոպոսներէն զարգացնել բնիկ ժողովուրդներուն դիմագիծը ունեցող հովուական ծառայութիւն եւ Աստուածաբանութիւն:  Շեշտուած է նաեւ, որ միսիոնարը պէտք է հեռու մնայ գաղութատիրական մտայնութենէն, շրջանցելով ցեղական նախապաշարումները, յարգելով սովորութիւններն ու յատուկ ծէսերը:  

Լայնօրէն անդրադարձ կատարուած է գաղթականութեան, յատուկէն երիտասարդներուն գաղթի հարցին: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատուած է փոքրիկ գիւղերուն եւ գիւղաքաքաներուն աւետարանումը:

Ինչ կը հայի բնապահպանութեան, փոքրիկ խմբակներուն զեկոյցներուն մէջ ընդգծուած է, որ արարչագործութիւնը Աստուծոյ գլուխ գործոցն է: Իսկական բնապահպանական դարձը սկիզբ կ՝առնէ ընտանիքէն,  ապա կ՝անցնի անհատական դարձէն՝ Յիսուսի հետ հանդիպումով:

Ի վերջոյ զեկոյցներուն մէջ  լայ տեղ գտած է հաղորդակցութեան հարցը:  Կաթողիկէ հաղորդակցութեան հաստատութիւններէն խնդրուած է լայն տեղ տալ Ամոազոնեան տարածաշրջանին,  տարածելու համար բարի լուռը ինչպէս նաեւ դատապարտելով մայր մոլորակի դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները, հռչակելով միշտ  Ճշմարտութիւնը :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 12:32