Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսը կը հասնի իր աւարտին։

Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան բազմազան ու բազմաբնոյթ որոնք ապա պիտի ամփոփուին եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 7 հոկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ պատարագով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր վայրերէ ժամանած 185 սիւնհոդոսական հայրեր, որոնց շարքին 28 կարդինալներ, 29 Արքեպիսկոպոս, 63 թեմական եպիսկոպոս, 7 օգնական եպիսկոպոս, 27 առաքելական փոխանորդներ ու 10 գերապայծառներ ապա 21 թեմական քահանայ ու կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտ աշխարհականներ ու բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ, սկիզբ առած էր «Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար» եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որուն աշխատանքային նիստերը կ՛եզրափակուին շաբաթ 26 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսի եզրափակիչ փաստաթուղթի քուէրակութեամբ ու անոր վերջնական վաւերացումով։ 

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն սիւնհոդոսը  յայտարարուած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2017-ին, որպէս հիմնական նպատակ ունենալով, ինչպէս հաստատած էր Քահանայապետը, «որոնել աւետարանութեան նոր ուղիներ, Ամազոնեան տարածաշրջանի Աստուծոյ ժողովուրդին համար, ու յատկապէս բնիկներուն համար, որոնք յաճախ մոռցուած են եւ զուրկ են ապագայի  հեռանկարէ, նաեւ Ամազոնեան Անտառներու տագնապին բերումով, որ մեր մոլորակի համար գերակայ նշանակութիւն ունեցող թոք մըն է»։

Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան բազմազան ու բազմաբնոյթ որոնք ապա պիտի ամփոփուին եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ, որուն ներկայացումն ու քննարկումը  կը կատարուի ուրբաթ 25 հոկտեմբերի նիստերու ընթացքին եւ ինչպէս նշեցինք վերջնական վաւերացումը նախատեսուած է վաղը շաբաթ 26 հոկտեմբերին։ Մինչ կիրակի 27 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ սոյն արտակարգ Սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 10:20