Որոնել

1570519038461.JPG

Ամազոնի Սինոդը. Երիտասարդները համապարփակ բնապահպանութեան դերակատարներ։

Առաջարկեցուեցաւ կոչումներու Հովուական խնամակալութեան ընթացք սկսիլ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներու մօտ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 7 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքով,եւ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղար Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսերրիի ներկայացումով ու Սիւնհոդոսի Գլխաւոր զեկուցող Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէսի ներկայացած զեկուցումով, Ամաեզոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը իր աշխատանքները շարունակեց յետմիջօրէին որուն ընթացքին ընտրուեցան սիւնհոդոսի եզրափակիչ փաստաթուղթը շարադրող  յանձնառումի այլ չորս անդամները մինչ այլ երեքը պիտի նշանակուին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։ Յանձնախմբին մաս կը կազմեն ի պաշտօնէ Սիւնհոդոսի գլխաւոր զեկուցողը Կարդինալ Հիւմմէս, Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարը Կարդինալ Պալտիսսերի, տեղակալ քարտուղար գերապայծառ Մարիօ Կրէք եւ երկու յատուկ քարտուղարները Կարդինալ Շզեռնի եւ գերապայծառ Տէ Ակիրրէ Կինէա։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ ընտրութիւններու փուլէն ետք սկիզբ տրուեցաւ միջամտութիւններուն որոնց ընթացքին ի յայտ դրուեցաւ երիտասարդներու դերակատարութիւնը՝ համապարփակ բնապահպանութեան ծիրէն ներս, շարունակելով անցեալ տարի գումարուած երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին հետ կապը, ու շեշտը դնելով երիտասարդներու յանձնառումին վրայ ու անոնց կարողութեան խրախուսելու Եկեղեցին որպէսզի ան դառնայ մարգարէական՝ նաեւ բնապահպանութեան մարզէն ներս։

Միջամտութիւնները ընթացքին ընդգծուեցաւ երիտասարդներուն ուշադրութիւնը՝ յատկացուած արարչութեան ու անոր հետ կապ հաստատելու անոնց իղձին, եւ ասկէ մեկնելով սիւնհոդոսական հայրերը անհրաժեշտ նկատեցին երկխօսութիւն հաստատել երիտասարդներուն հետ, օգնելով զանոնք ուղիղ զատորոշում կատարելու, ի նպաստ Արարչութեան պահպանումին, որպէսզի այդ հարցը չի մնայ լոկ «գովազդային» գետնի վրայ այլ դառնայ կեանքի եւ մահուան հարց՝ մարդուն եւ մոլորակին համար։

Միջամտութիւնները ընդգրկեցին ապա ստորերկրեայ ջրամբարներու պաշտպանութեան հարցը, ի տես  անոնց շահագործումին, ինչպէս նաեւ  մարդկային իրաւունքներու ու բնապահպանութեան պաշտպանութեան հարցերը, հաստատելով որ իսկական համապարփակ զարգացում կը պահանջէ մարդուն եւ բնութեան միջեւ նոր հաւասարակշռութիւն։   

Նիւթերուն շարքին էին նաեւ հանածոյ վառելանիւթերը որոնք կը սպառնան բնապահպանութեան ինչպէս նաեւ գաղութատիրութիւններու հարցը որ կը կործանէ տեղական մշակոյթներն ու աւանդութիւնները։

Ի վերջոյ խորհրդածութիւն կատարուեցաւ նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն աւանդական բնիկ ծէսերու մասին,  առաջարկելով զանոնք պատշաճեցնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն մատակարարումին, հիմնուելով աստուածաբանական, ծիսական ու հովուական զատորոշումի վրայ։

Այլ միջամտութիւններ կատարուեցան Ամաեզոնեան տարածաշրջանին մէջ ամուսնացեալ քահանաներ ունենալու հարցին շուրջ, այդ ուղղութեամբ հաստատելով որ այդ առաջարկը կարող է ընդունելի ըլլալ, առանց սակայն պայմանաւորելու քահանայութեան բնոյթի էականութիւնը՝ անոր ողջախոհութեան հետ յարաբերութեան մէջ ,Լատին Եկեղեցւոյ ծէսին հիման վրայ։

Առաջարկեցուեցաւ կոչումներու Հովուական խնամակալութեան ընթացք սկսիլ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներու մօտ,  որպէսզի անոնց միջեւ հասուննան  կոչումներ, որոնք ապա ծառայութիւն մատուցեն բնիկ ժողովուրդներուն։.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2019, 09:00