Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

«Եկեղեցին յանձառու է ըլլալ Ամազոնիայի դաշնակից»

Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթի առաջնորդող թելը դարձն է. Դարձ որ կը հոլովուի համապարփակ դարձ, հովուական դարձ, մշակութային դարձ, բնապահպանական ու սիւնհոդոսական դարձ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւարտեցաւ Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը ու շաբաթ 26 հոկտեմբերի երեկոյեան, սիւնհոդոսական հայրերու քուէարկութենէն ետք,  հրապարակուեցաւ սիւնհոդոսի եզրափակիչ փաստաթուղթը։

Ան բաղկացած է 5 գլուխներէ առաւել մէկ նախաբան ու հակիրճ վերջաբան։ Անոր գլխաւոր նիւթերու շարքին ընդգծուած է առաքելութիւնը, մշակոյթի փոխանցումը, համապարփակ բնապահպանութիւնը, բնիկ ժողովուրդներու պաշտպանութիւնը, Ամազոնեան ծէսերը, կնոջ դերը եւ նոր եկեղեցական կարգեր, յատկապէս այն վայրերուն մէջ ուր դժուար է պատարագ մատուցելը։

Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթի առաջնորդող թելը դարձն է. Դարձ որ կը հոլովուի համապարփակ դարձ, հովուական դարձ, մշակութային դարձ, բնապահպանական ու սիւնհոդոսական դարձ։

Փաստաթուղթը պտուղն է «ազատ, բաց ու յարգալիր» քննարկումներուն, որոնք տեղի ունեցան սիւնհոդոսի երեք շաբաթուայ տեւող աշխատանքային նիստերու ընթացքին, պատմելու համար Ամազոնիայի ներուժը  որ «աշխարհի կենսաբանական տրոփուն սիրտն է», տարածուած ինը երկիրներու վրայ ու բնակուած 33 միլիոն անհատներէ որոնցմէ 2.5 միլիոնը բնիկներ են։

Այս տարածաշրջանը սակայն կը մնայ աշխարհի երկրորդ ամենադիւրաբեկ շրջանը, ի տես մարդուն պատճառած կլիմայական փոփոխութիւններուն, որոնք զայն կը մղեն ստոյգ մահուան, որուն համար հրատապ է նոր ուղղութիւն մը որ հնարաւորութիւն տայ զայն ազատելու ու կանխարգիլելու համայն մոլորակի վրայ  աղէտալի հետեւանքները։

Փաստաթուղթի առաջին գլուխը նուիրուած է համապարփակ դարձին։ Անոր մէջ կը շօշափուին Ամազոնիայի տարածաշրջանային ցաւերը, երկրին ու աղքատներուն աղաղակը, անտարահատումին հարցը, անապականութիւնը, բռնի գաղթը, կամ տեղափոխութիւնը…որոնց համար հարկաւոր է ստեղծել միսիներական վարչութիւն մը որ համակարգէ ժողովրդապետութիւններուն առաքելութիւնը, որպէսզի անոնք կարողանան հետեւիլ իրենց հաւատացեալներու հարցերուն ու հոգեւոր պէտքերուն։

Երկրորդ գլուխը կը խօսի Հովուական դարձի մասին ուր կը մատնանշուի եկեղեցւոյ առաքելութեան ու այդ առաքելութիւնը «սամարացիի» օրինակով կատարելու հրամայականին։ Այդ ուղղութեամբ սիւնհոդոսական փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ որ միաբանութիւնները նկատի առնեն իրենց առաքութիւնը ուղղել  ամազոնեան շռաններ։ Այս ծիրէն ներս սիւնհոդոսը յատուկէն կը յիշէ  մարտիրոս միսիոներները որոնք իրենց կեանքը  զոհեցին Ամազոնիայի մէջ Աւետարանը տարածելու համար։

Սիւնհոդոսական հայրերը ընդգծեցին նաեւ համամիութենական ու միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, նաեւ Ամազոնիան տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն յատկացուած յատուկ հովուական ծառայութեան մը ստեղծումը ու այդ ժողովուրդներու մէջէն երիտասարդ կոչումներ ունենալու ու զանոնք պատշաճ կերպով պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը։

Փաստաթուղթի երրորդ գլուխը յատկացուած է Մշակութային դարձին որուն մէջ դիմագրաւուած են հողի ու կեանքի պաշտպանութեան նիւթերը ինչպէս նաեւ ժողովրդային գթութեան աստուածաբանութիւնը, այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ եկեղեցական հաղորդակցութեան ցանց մը ստեղծելու հարկաւորութեան, որ նուիրուած ըլլայ համա-ամազոնեան տարածաշրջանին։

Չորրորդ գլուխը նուիրուած է բնապահպանական դարձին, որ միակ ճանապարհն է հարցերուն լուծում գտնելու համար, այդ ծիրէն ներս մասնաւորապէս շեշտելով մարդկային իրաւունքներու յարգանքն ու պաշտպանութիւնը ։

«Եկեղեցին Ամազոնեան տարածաշրջանի հասարակութիւններուն դաշնակից է» գրուած է փաստաթուղթին մէջ որուն հինգերորդ գլուխին մէջ կը խօսուի սիւնհոդոսական դարձի նոր ուղիներու մասին որ կ՛ընգրկէ եկեղեցական նոր կարգերու ստեղծումը, կիներուն դերակատարութիւնը, մնայուն սարկաւագներ ունենալու  հարցը, Քահանաներու կազմաւորումը, հուսկ տեղական եկեղեցիներու վերակազմակերպումը ու Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ կաթոլիկէ  համալսարանի մը բացումը  եւ ի վերջոյ ամազոնեան ծէսերը ուսումնասիրելու  ու արժեւորելու կարեւորութիւնը։

Սիւնհոդոսական փաստաթուղթը կ՛աւարտի հայցելով Ամազոնի Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2019, 21:18