Որոնել

Կարդինալ Պալտիսսերի Կարդինալ Պալտիսսերի 

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան բաժինը յանձնուած է Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժնամունքին։

Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը բացած է սիւնհոդոսին նուիրուած բազմալեզու կայքէջ մը (www.sinodoamazonico.va)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսի բացման իր զեկոյցին մէջ, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ կարդինալ Պալտիսսերի, ակնարկելով Սիւնհոդոսական Հաւաքի տեղեկատուութեան, նշեց թէ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը բացած է սիւնհոդոսին նուիրուած  բազմալեզու կայքէջ մը (www.sinodoamazonico.va), ուր տեղադրուած են Սիւնհոդոսին հայող կարեւոր փաստաթուղթեր ու հիմնական տեղեկութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

 

Ան ապա յայտնեց թէ Սիւնհոդոսի տեղեկատուական բաժինը յանձնուած է Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքին, նախագահութեամբ բաժանմունքի կառավարիչ՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինիի որ է նաեւ սիւնհոդոսի տեղեակութեան յանձնախումբի նախագահը։

Սիւնհոդոսի մասին պաշտօնական տեղեկութիւնները լրագրողներուն պիտի ներկայացուին ամէն օր տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսի մը միջոցաւ, որուն հերթաբար կը մասնակցին նաեւ Սիւնհոդոսկան հայրերն ու սիւնհոդոսի մասնակցողները։

Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանը իր ընկերային ցանցերու, բազմալեզու կայքով պիտի տարածէ սիւնհոդոսի մասին լուրեր, տեղեկութիւններ ու նիւթերու վերլուծումներ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 11:07