Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Ներկայացուեցաւ Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանի յատուկ սիւնհոդոսի եզրափակիչ փաստաթուղթին նախագիծը։

Նախագիծը այժմ պիտի քննարկուի լեզուային փոքր խումերու նիստերու ընթացքին, որոնցմէ յառաջ եկած մեկնութիւններն ու թելադրանքները նկատի պիտի առնուին Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթի շարադրման համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար» խորագիրով Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսը կը շարունակէ իր աշխատանքային նիստերը, որոնք իրենց աւարտին պիտի հասնին 26 հոկտեմբերին եզրափակիչ փաստաթուղթի հրապարակումով։

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի 21 հոկտեմբերի առաւօտեան  նիստի ընթացքին, Սիւնհոդոսական 184 հայրերու մասնակցութեամբ ու Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէսը՝ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը, ներկայացուց այդ փաստաթուղթի նախագիծը որ կը պարունակէ անցեալ 7 հոկտեմբերին սկիզբ առած սիւնհոդոսի ընթացքին կայացած միջամտութիւններէն քաղուած պտուղները։

Նախագիծը այժմ պիտի քննարկուի լեզուային փոքր խումերու նիստերու ընթացքին, որոնցմէ յառաջ եկած մեկնութիւններն ու թելադրանքները նկատի պիտի առնուին Սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթի շարադրման համար, որուն վերջնական նախագիծի քննարկումը պիտի կատարուի յառաջիկայ ուրբաթ՝ 25 հոկտեմբերին, մինչ անոր քուէարկութիւնը նախատեսուած է շաբաթ 26 հոկտեմբերին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2019, 16:50