Վատիկանի մէջ ուսումնաժողով. «Համա-ամազոնեան տարածաշրջանի մարտահրաւէրները»։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 19 հոկտեմբեր 2019-ի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ-ի անուան գաւիթին մէջ՝ Ռացինկեր հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ուսումնաժողով՝ որպէս նիւթ ունենալով «Համաամազոնեան տարածաշրջանի մարտահրաւէրներ. Անհրաժեշտ համագործակցութիւն ընդմէջ միջազգային կազմակերպութիւններու, կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ բարոյական առաջնորդութեան»։
Ուսումնաժողովի աւարտին նախատեսուածէ նաեւ համերգ կատարողութեամբ Պոլիվիայէն ժամանած նուագախումբի մը։
Ուսումնաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, համա ամազոնեան եկեղեցական ցանցի փոխ նախագահ՝ Կարդինալ Փետրօ Ռիքարտօ Պարրեթօ Եիմենօ, ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի օգնական Րընէ Քասթրօ Սալազար եւ այլ համբաւաւոր մասնագէտներ։ Ուսումնաժողովին վարիչն է Ռացինկեր հիմնարկի նախագահ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ