Սինոդէն առնուած լուսանկար: Սինոդէն առնուած լուսանկար: 

Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի 3-րդ եւ 4-րդ նիստերը:

Գլխաւոր նիւթերը Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի 3-րդ եւ 4-րդ նիստերու ընթացքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն 3-րդ եւ 4-րդ նիստերը:

Առաւօտեան գումարուած 3-րդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին 183 սինոդական հայրեր ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Պապին:

Ունկնդրէ լուրը

3-րդ նիստին շօշափուած նիւթերուն շարքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան  կապուած ու քաղաքական ղեկավարներուն ոճրագործ արարքներուն ողբերգական խնդիրները ի միտ ունենալով որ Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ 2003-2017 տարիներուն, իրենց հողերը պաշտպանելու համար զոհուած են աւելի քան 1119 բնիկ անձինք: Այս շրջագիծէն ներս եկեղեցին վերահաստատեց եւ ընդգծեց,  որ պէտք է թիկունք կանգնիլ բոլոր  անոնց, որոնք կը պայքարին իրենց սեփական հողերուն ի խնդիր:  Սինոդական հայրը որոշեցին նաեւ բարձրացնել ցանկապատեր  եւ բազմապատկել զօրակցական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ խթանել բաժնեկցուած  քաղաքականութիւն եւ տնտեսականութիւն::

3-րդ նստաշրջանին նիւթ եղաւ գետերուն ապականումի, անտառահատման հարցեր, որոնք շօշափելիօրէն կը սպառնան Ամազոնեան տարածաշրջանը:

Արծարծուեցաւ ներգաղթի  հարցը՝ ըլլայ բնիկ ժողովուրդներու դէպի մեծ քաղաքներ գաղթելու ըլլայ այն ժողովուրդներուն  հարցը  որոնք Ամազոնեան տարածաշրջանէն կը գաղթեն այլ երկիրներ:

Սինոդական հայրերը անհրաժեշտ նկատեցին մշակել յատուկ հովուական ծառայութիւն ներգաղթողներուն ի սպաս:  Ընդգծեցին լ տեղական եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան հրամայական ,  նկատի առնելով որ ներգաղթի ամենէն շատ թիրախ են երիտասարդները,  որոնք անգործութեան պատճառաւ Ամազոնէն  դուրս գալով կը դիմեն այլ երկիրներ: Եպիսկոպոսները քննարկեցին նաեւ կոչումներու հարցը,  որուն ծիրէն ներս  խօսուեցաւ մնայուն սարկաւագներու ձեռնադրութեան կարելիութեան մասին:

Մինչ՝ յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին գումարուած 4-րդ նիստին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 182 սինոդական հայրեր:

Նիստի գլխաւոր նիւթ հանդիսացաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն խախտումի հարցը, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի  ներկայ իրավիճակը:

Եպիսկոպոսները  անհրաժեշտ նկատեցին որ եկեղեցին, բարոյական եւ հոգեւոր գետնի վրայ   պէտք է իր ամբողջ իշխանութեամբ պաշտպանէ կեանքը,  դատապարտելով մահուան այն բոլոր կառոյցները որոնք կը սպառնան տարածաշրջանը:

Անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային հասարակութեան լրջօրէն դիմագրաւելու ամազոնեան տարածաշրջանի անկումի անընդունելի ներկայ իրավիճակը դիտել տալով որ միջազգային ընտանիքը  յաճախ անտարբեր կը մնայ անմեղներուն հոսած արիւնին դէմ:

Եպիսկոպոսները զրուցեցին նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի համար միսիոնարներուն եւ եկեղեցւոյ մէջ յանձնառու աշխարականներուն դերակատարութեան  մասին: Այս ծիրէն ներս անոնք անհրաժեշտ նկատեցին ուժերու միացումը, ամազոնեան տարածաշրջանի համար  միսիոնարներուն  եւ աշխարականներուն կազմաւորման համար: Սինոդական հայերը  ընդգծեցին բնիկ ժողովուրդներուն ներգրաւումը եկեղեցւոյ առաքելութենէն ներս,  ձեռնադրելով բնիկ ժողովուրդներէն   սարկաւագներ, եւ կազմաւորելով աշխարականներ: Այս առնչութեամբ եպիսկոպոսները քննարկեց նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան չափանիշերը:

Ի Վերջոյ 4-րդ նիստին յիշուեցաւ  Ամազոնի մարտիրոսներու լուսաւոր օրինակը,  ինչպէս Աստուծոյ երկու ծառաները Հայր Ռուտոլֆ Լուքէպէն եւ աշխարական Սիմաօ Քրիսթինօ Քուտուկօտու: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2019, 11:09