Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի 3-րդ եւ 4-րդ նիստերը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն 3-րդ եւ 4-րդ նիստերը:
Առաւօտեան գումարուած 3-րդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին 183 սինոդական հայրեր ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Պապին:
3-րդ նիստին շօշափուած նիւթերուն շարքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան կապուած ու քաղաքական ղեկավարներուն ոճրագործ արարքներուն ողբերգական խնդիրները ի միտ ունենալով որ Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ 2003-2017 տարիներուն, իրենց հողերը պաշտպանելու համար զոհուած են աւելի քան 1119 բնիկ անձինք: Այս շրջագիծէն ներս եկեղեցին վերահաստատեց եւ ընդգծեց, որ պէտք է թիկունք կանգնիլ բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին իրենց սեփական հողերուն ի խնդիր: Սինոդական հայրը որոշեցին նաեւ բարձրացնել ցանկապատեր եւ բազմապատկել զօրակցական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ խթանել բաժնեկցուած քաղաքականութիւն եւ տնտեսականութիւն::
3-րդ նստաշրջանին նիւթ եղաւ գետերուն ապականումի, անտառահատման հարցեր, որոնք շօշափելիօրէն կը սպառնան Ամազոնեան տարածաշրջանը:
Արծարծուեցաւ ներգաղթի հարցը՝ ըլլայ բնիկ ժողովուրդներու դէպի մեծ քաղաքներ գաղթելու ըլլայ այն ժողովուրդներուն հարցը որոնք Ամազոնեան տարածաշրջանէն կը գաղթեն այլ երկիրներ:
Սինոդական հայրերը անհրաժեշտ նկատեցին մշակել յատուկ հովուական ծառայութիւն ներգաղթողներուն ի սպաս: Ընդգծեցին լ տեղական եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան հրամայական , նկատի առնելով որ ներգաղթի ամենէն շատ թիրախ են երիտասարդները, որոնք անգործութեան պատճառաւ Ամազոնէն դուրս գալով կը դիմեն այլ երկիրներ: Եպիսկոպոսները քննարկեցին նաեւ կոչումներու հարցը, որուն ծիրէն ներս խօսուեցաւ մնայուն սարկաւագներու ձեռնադրութեան կարելիութեան մասին:
Մինչ՝ յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին գումարուած 4-րդ նիստին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 182 սինոդական հայրեր:
Նիստի գլխաւոր նիւթ հանդիսացաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն խախտումի հարցը, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակը:
Եպիսկոպոսները անհրաժեշտ նկատեցին որ եկեղեցին, բարոյական եւ հոգեւոր գետնի վրայ պէտք է իր ամբողջ իշխանութեամբ պաշտպանէ կեանքը, դատապարտելով մահուան այն բոլոր կառոյցները որոնք կը սպառնան տարածաշրջանը:
Անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային հասարակութեան լրջօրէն դիմագրաւելու ամազոնեան տարածաշրջանի անկումի անընդունելի ներկայ իրավիճակը դիտել տալով որ միջազգային ընտանիքը յաճախ անտարբեր կը մնայ անմեղներուն հոսած արիւնին դէմ:
Եպիսկոպոսները զրուցեցին նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի համար միսիոնարներուն եւ եկեղեցւոյ մէջ յանձնառու աշխարականներուն դերակատարութեան մասին: Այս ծիրէն ներս անոնք անհրաժեշտ նկատեցին ուժերու միացումը, ամազոնեան տարածաշրջանի համար միսիոնարներուն եւ աշխարականներուն կազմաւորման համար: Սինոդական հայերը ընդգծեցին բնիկ ժողովուրդներուն ներգրաւումը եկեղեցւոյ առաքելութենէն ներս, ձեռնադրելով բնիկ ժողովուրդներէն սարկաւագներ, եւ կազմաւորելով աշխարականներ: Այս առնչութեամբ եպիսկոպոսները քննարկեց նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան չափանիշերը:
Ի Վերջոյ 4-րդ նիստին յիշուեցաւ Ամազոնի մարտիրոսներու լուսաւոր օրինակը, ինչպէս Աստուծոյ երկու ծառաները Հայր Ռուտոլֆ Լուքէպէն եւ աշխարական Սիմաօ Քրիսթինօ Քուտուկօտու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ