Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Երկխօսութիւն, բարեփոխումներ եւ զինաթափում ՝միջազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:»

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Վատիկանի պետքարտուղարը անդրադարձաւ միջազգային գետնի վրայ աշխարհ յուզող հարցերուն, յատուկէն Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայ կացութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալական դեսպանատան մէջ կայացած Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոյի «Վատիկանի Ֆիլմերու գրադարանի վերաբերեալ անտիպ Փաստաթուղթեր» տիտղոսակիր գիրքի ներկայացումին:

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքի ներկայացումէն ետք, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին մէջ, Վատիկանի պետքարտուղարը անդրադարձաւ միջազգային գետնի վրայ աշխարհ յուզող հարցերուն, յատուկէն Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեան: Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Պապի դէպի Ասիա կատարելիք յառաջիկայ ճամբորդութեան:

Ինչ կը հայի Սուրիոյ ներկայ կացութեան, Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ սուրբ Աթոռը միշտ  շեշտած է երկխօսութեան եւ բանակցութեան կարեւորութիւնը՝ հարցերու լուծման համար, հարցեր, որոնք կը շարունակեն տառապանքներուն պատճառ դառնալ:

Կարդինալ Փարոլին ապա  նկատել տուաւ, որ ՏԱՀԵՇԻ պատերազմը արդէն վերջացած յայտարարուած է, անհրաժեշտ նկատելով արմատախիլ ընել այն մշակոյթը, որ ծնունդ տուած է այդ երեւոյթին,  եւ սա կարելի է ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջումով, բարեփոխումներու իրագործումով, այնպէս ինչպէս բազմաթիւ անձեր ձայն բարձրացուցած են, զոր օրինակ, Իրաքի մէջ, ըսաւ կարդինալ Փարոլին հաստատելով, թէ Լոկ ժողովուրդներուն կարքիներուն ընդառաջումով, կարելի է խուսափիլ ՏԱՀԵՇ-ի փորձառութենէն յառաջացած հարցերէն:  

Անդրադառնալով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին, յառաջիկայ 19-էն- 26 նոյեմբերին դէպի Թայլանտ եւ Ճափոն կատարելիք այցելութեան, Կարդինալ Փարոլին նշած է,  Սրբազան Պապը մեծ խնամքով կը պատրաստուի այդ ճամբորդութեան: Ծիրանաւորը ապա ակնարկելով Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան ծիրէն ներս շօշափելիք նիւթերուն, նշեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի շարունակէ կոչ ուղղել  զինաթափումի ի սպա:

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցը աւարտած է նշլով որ աշխարհ մեծ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի, որովհետեւ,զինանոցներուն կործանումի ականատես ըլլալու փոխան, ականատես ենք զէնքերուն կուտակումին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 09:54