Ժամ Մոնթել Ժամ Մոնթել 

Ժան Մարի Մոնթել նշանակուեցաւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի խորհրդատու:

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի նորանշանակ խորհրդատու տոքթ Ժան Մարի Մոնթել մինչեւ օրս, եկեղեցական լրատուական ծիրէն ներս ստանձնած է կարեւոր պաշտօններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Ֆրանսայի կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն դաշնութեան նախագահ, Տոքթ Ժան Մարի Մոնթելը նշանակեց Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի խորհրդատու:

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի նորանշանակ խորհրդատու տոքթ Ժան Մարի Մոնթել մինչեւ օրս, եկեղեցական լրատուական ծիրէն ներս ստանձնած է կարեւոր պաշտօններ:  Կրէնոպլի քաղաքի համալսարանի մէջ աւարտած  է  քաղաքագիտութեան եւ լրագրութեան  ուսումները

1995-2001 թուականներուն եղած է Ֆրանսայի սկաուտներուն հաղորդակցութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչը:

Տիար Ժան Մարի Մոնթել, 2018 թուականէն ի վեր,Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի գործակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերած է Սուրբ ֆրանչիսկոս Տէ Տալէսի միջազգային օրեր կազմակերպութեան, որուն յաջորդը փուլը տեղի պիտի ունենայ Լուրտին մէջ՝ 22-24 յունուար 2020-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 08:55