Առաքելական ողորմնաբաշխ Գերապայծառ Քրաժեվսքի Առաքելական ողորմնաբաշխ Գերապայծառ Քրաժեվսքի 

Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապին անունը կրող նոր լուացարան մը աղքատներուն համար:

Ձեռնարկը իրականացուած է Սան Էճիտիօ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ողորմնաբաշխ, Գերապայծառ Քրաժեվսքիին ներկայութեամբ, Իտալիոյ Ճէնովա քաղաքի կեդրոնը բացումը կատարուեցաւ «Ֆրանչիսկոս Պապի լուացարանը» կառոյցին, ուր կարիքաւոր եւ աղքատ մարդոց հնարաւորութիւն կ՝ընծայուի՝ անվճար լոքանք առնելու եւ իրենց հագուստները լուալու:

Ունկնդրէ լուրը

Նշեալ աղքատներուն նուիրուած կառոյցը նախաձեռնութիւնն է Սանթ Էճիտիօ հասարակութեան, որ անգամ եւս ցոյց կու տայ հիւրընկալ, ողորմած եկեղեցւոյ դիմագիծը:

Նշենք թէ նման ձեռնակներ բազմիցս անգամ իրականացուած են Հռոմի մայրաքաղաքէն ներս:

Հռոմի Թրասթեւերէ շրջանին մէջ գտնուող երբեմնի  հիւանդանոցի կարգ մը սենեակներ, 2017 ապրիլ ամիսէն ի վեր  ֆրանչիսկոս Պապին կամքով, աղքատ, կարիքաւոր եւ օտարական անօճախներուն  համար լուացարաններ եւ բաղնիքներ յատկացուած են:

Նշենք նաեւ, որ Վատիկան քաղաքի շուրջը կը գտնենք աղքատներուն եւ անօճախ օտարականներուն համար լոքանք առնելու եւ մազերը սափրելու համար փոքրիկ կառոյցներ:

Այս բարեսիրական եւ մարդասիրական ձեռնակները, Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական գուրգուրանքի եւ սիրոյ արտայայտութիւնն են հանդէպ անօճախներուն եւ աղքատներուն, ձեռնակներ,  որոնք միջոցաւ կ՝առարկայանան ողոմորածութեան յոբելենական տարուան բարի առաջադրանքները:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2019, 09:59