Հնդիկ հաւատացեալներ Հնդիկ հաւատացեալներ 

Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի շնորհաւորական պատգամը Տիփավալի տօնին առիթով:

Կրօնքի բնութիւնն է նպաստել մարդոց միջեւ զօրակցական յարաբերութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ, 27 հոկտեմբերին կը նշուի Տիփավալի տօնը: Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդը շնորհաւորական գիրով մը մաղթեց որ սոյն տօնը ընտանիքներու եւ սիրտերու  եւ հասարակութիւններուն մէջ լոյս եւ խաղաղութիւն սփռէ,  ինչպէս նաեւ ամրապնդէ ուրիշներու հետ եղբայրական հոգիի կապերը:

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ նշուած նաեւ, որ  զանազան ոլորտներէն ներս աննախընթաց զարգացումներուն զուգահեռ աշխատանք կը տարուին միջկրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութեան ինչպէս նաեւ եղբայրական զօրակցութեան ի նպաստ:

Քահանայապետական միջկրօնական Երկխօսութեան նախագահը նշած է որ տակաւին առկայ են կրօնական կարգ մը անձնաւորութիւններու միջեւ ատելութեան եւ անտարբերութեան հոգին  եւ այս մէկը պատահի այն ժամանակ երբ ուրիշը չի ճանչցուիր իբրեւ եղբայր ու քոյր, ընդգծելով որ կրօնը հիմնականօրէն մեզ կը ներշնչէ ուրիշին մէջ տեսնելու  եղբայր մը  զօրակցելով եւ սիրելով անոր: 

Կրօնքը կ՝ուսուցանէ յարգել ուրիշներուն անխախտելի իրաւունքները, առանց  արդարացուցիչ նախապաշարումներուն՝ անոնց դաւանած հաւատքին եւ մշակոյթին հանդէպ:

Արդարեւ Կրօնները պէտք են զօրակցի հաւատացեալներու կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն՝հարազատ կեանք վարելու համար,  արտադրելով եղբայրական պտուղներ, որովհետեւ կրօնքի բնութիւնն է նպաստել մարդոց միջեւ զօրակցական յարաբերութիւնները:

Միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը  պատգամը աւարտած է նկատել տալով որ հոկտեմբեր ամիսը սկսած է  Մահաթմա Կանտիին ծննդեան յոբելենական 150 ամեակի  նշումով , դիտել տալով, որ Կանտին Ճշմարտութեան,  սիրոյ եւ ոչ բռնութեան արտակարգ եւ քաջարի վկան է,  ինչպէս նաեւ արժէքաւոր դերակատարը՝ մարդկային եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան: 

Իբրեւ հաւատացեալներ եւ մարդկային ընտանիքի բարելաւումի գծով միեւնոյն մտահոգութինը կիսող կրօնք կը միանանք այլ կրօնական դաւանաքներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց, եղբայրական եւ խաղաղ ընկերութիւն կառուցելու  ի գործ դրած ջանքերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2019, 12:02