Գերապայծառ Աուզա: «Վերջ դնել Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ ժողովուրդներուն տառապանքներուն»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Միացեալ ազգերու անվտանգութեան խորհուրդին, Միջին արեւելքի վերաբերեալ գումարած ընդհանուր նիստին, ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Գերապայծառ Պերնարտիդօ Աուզան:
Վատիկանի դիւանագէտը իր ունեցած ելոյթին մէջ խստիւ դատապարտած է Եմէնի մէջ տեղի ունեցած մարդկային կործանարար կացութիւնը, մաղթելով, որ տարածաշրջանէն ներս կասեցուի զէնքերու տարածումը:
«Եմէնի մէջ մարդկային կացութիւնը կը մնայ կործանարար եւ տագնապալից: Մանուկները անօթութենէն կը մեռնին, խմելիք ջուրի տագնապ կը տիրէ, երկրի տնտեսութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուած է, կան դժուարութիւններ, հակամարտութեան շրջաններէն ներս մարդկային օգնութիւններ տրամադրելու համար: ըսած է Գերապայծառ Պերարտիթօ Աուզան, ան ապա անգամ մը եւս անհրաժեշտ նկատած եւ կոչ ուղղած է վերջ դնելու հակամարտութեան, որ կը շարունակէ տառապանք պատճառել Եմենի ժողովուրդին:
Խօսելով Սուրիոյ ներկայ կացութեան մասին գերապայծառ Աուզա իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ տագնապալից կացութեան համար, ինչպէս նաեւ վերջերս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով:
Ան ընդգծած ու անհրաժեշտ նկատած է, որ պէտք է վերջ դնել 8 տարիէ ի վեր Սուրիան թիրախ դարձնող հակամարտութեան: Պէտք է օգնութեան հասնիլ պատերազմէ փախուստ տուող ժողովուրդներուն, ներառեալ բազմաթիւ մանուկներուն, երաշխաւորելով անոնց մարդկային հիմնական իրաւունքներուն յարգանքը, ցեղական ինքնութեան պահպանումը եւ հեռու մնալ լարուածութիւն եւ անարդարութիւն հրահրող նոր պատրուակներէն:
ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ, Գերապայծառ Աուզա իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ քրիստոնեայ հասարակութեան ներկայ կացութեան: Ան անհրաժեշտ նկատած է, որ պէտք է ամէն ջանք թափել, սուրբ վայրերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, հիմք ունենալով միջազգային իրաւունքը եւ Երուսաղէմի կարգավիճակը: Գերապայծառը իր խորին մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու համար, որոնք ստիպուած կը լքեն իրենց հողերն ու օճախները եւ կը գաղթեն այլ խաղաղ եւ ապայով վայրեր:
Պէտք է առ աւելիով գործել երաշխաւորելու համար անոնց ապահովութիւնը, ըսած է Վատիկանի դիւանագէտը, ան ապա մաղթած է, որ խաղաղութիւն հաստատուի Իսրայէլի եւ Պաղեսիտին միջեւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ