Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի 

Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։

Վատիկանի մէջ կատարուած արարողութիւնը առիթ կը հանդիսանայ ընդգծելու «Արարչութեան Ժամանակի» կարեւորութիւնը, շեշտել ամազոնեան սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը առաջարկել որպէս օրինակ եւ առաջնորդ սիւնհոդոսական գործընթացին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 հոկտեմբեր 2019-ին, Եկեղեցին կը յիշատակէ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծիսական տօնը որ այս տարի յատուկ կերպով պիտի նշուի Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Տօնակատարութիւնը առ աւելի յատկանշական է այս տարի՝ նախ որովհետեւ 4 հոկտեմբեր թուականով իր աւարտին կը հասնի մէկ սեպտեմբերին սկիզբ առած «արարչութեան ժամանակաշրջանը»,  որ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, երկրորդ՝ որովհետեւ ան կը կատարուի համապարփակ բնապահպանութեան նուիրուած եւ Ամազոնեան տարածաշրջանին յատկացուած առաջին Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի բացումի նախօրեակին, եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս օրինակ է այդ համապարփակ բնապահպանութեան։ Ապա տօնախմբութիւնը կը կատարուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը բնապահպանութեան սիրահարներու պաշտպան սուրբ հռչակելու (29 նոյեմբեր) 40րդ տարեդարձի նշումի սեմին։

Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նուիրուած տօնախմբութեան ձեռնարկը  տեղի պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ ծառատունկ։

Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ բնիկ ժողովուրդներու ղեկավարներ, որպէս համայն աշխարհին ուղղուած պատգամ՝  ընդգծելու համար  եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ հասարակաց տան խնամքի ուղիով։

Տիեզերական Եկեղեցւոյ սիրտ հանդիսացող Վատիկանի մէջ կատարուած արարողութիւնն ու ծառատունկը  առիթ կը հանդիսանայ ընդգծելու նաեւ  «Արարչութեան Ժամանակի» կարեւորութիւնը, որուն ընթացքին հարկաւոր է աւելի խոր կերպով աղօթել ու գործել ի նպաստ հասարակաց տան, շեշտել ամազոնեան սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը առաջարկել որպէս օրինակ եւ առաջնորդ սիւնհոդոսական գործընթացին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 08:59