Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 

«Լայն բացէք ձեր դռները Քրիստոսին» Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ծիսական տօնը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետը Սուրբերու շարքին դասուեցաւ 27 ապրիլ 2014-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գոհաբանենք Տէրը այն բարիքներուն համար զոր գործեց աշխարհի ու սրտերուն մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերու, գործերու ու սրբութեան միջոցաւ։ Յարատեւ յիշենք անոր կոչը «Դուռերը բացէք Քրիստոսին»։ Սոյն հրապարակած թուիթով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յիշատակել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին ծիսական տօնը որ կը նշուի այսօր՝ եւ որ կը յատկանշէ երջանկայիշատակ սրբակեաց քահանայապետի Քահանայապետութեան սկիզբի թուականը՝ 22 հոկտեմբեր 1978։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոլ  Վոյթիլա, որ յետ քահանայապետական ընտրութեան` 1978 հոկտեմբերին, կը ստանայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.  անունը, ծնած էր 18 Մայիս 1920ին Վատովիս գիւղը, որ Քրաքովիայէն մօտ 50 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած էր ՝ 1 նոյեմբեր 1946-ին, ձեռամբ կարդինալ Ատամ Սթէֆան Սաբիեհայի:

 Յուլիս 1958-ին, Պիոս ԺԲ Քահանայապետը զինք կ՚անուանէ տիտղոսաւոր առաջնորդ Օմպիի եւ փոխանորդ Քրաքովիոյ: 28 սեպտեմբերին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը ձեռամբ արհիապատիւ Էօճէնիուս Պազիաքի։

13 Յունուար 1964-ին, Պօղոս Զ  քահանայապետը զինք կ՚անուանէ Արքեպիսկոպոս Քրաքովիոյ, շնորհելով անոր նաեւ Կարդինալական աստիճանը:

1978-ին, կարդինալական ժողովի 2-րդ նիստին, ան կ՚ընտրուի Քահանայապետ` ստանալով Յովհաննէս Պօղոս Բ. անունը: 22 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս սկիզբ կ՚առնէ անոր պաշտօնավարութիւնը որպէս 263-րդ յաջորդ Պետրոսի Աթոռին: Անոր Քահանայապետութեան շրջանը կը տեւէ 27 տարի եւ կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն երկարատեւ շրջաններէն մէկը:

Քահանայապետական 27 տարիներու ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Իտալիայէն դուրս 104 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, ինչպէս նաեւ 146 այցելութիւններ Իտալիոյ մէջ: Իսկ որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, ան կարողացաւ այցելել իր թեմին պատկան 333 եկեղեցիներէն 317 ժողովրդապետութիւններ:

Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 8 ապրիլ 2005ին։ Մինչ այդ, շուրջ երեք միլիոն անձ այցելեց սուրբ Պետրոսի Տաճարը անոր վերջին հրաժեշտը տալու համար։

Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետը Սուրբերու շարքին դասուեցաւ 27 ապրիլ 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ձեռամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցուած հանդիսաւոր պատարագի մը ընթացքին, որուն առթիւ Սուրբ հռչակուեցաւ նաեւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը, մինչ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ։

Սուրբ ՅՊԲ ընտրութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2019, 12:30