Տիար Տոմենիքօ Ճանի Տիար Տոմենիքօ Ճանի 

Վատիկանի նախկին ոստիկանապետը արժանացաւ «Gran Croce Ordine Piano» ասպետական տիտղոսին։

Սա Սուրբ Աթոռի ամենաբարձր պատուական տիտղոսն է որ կը շնորհուի աշխարհականներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ Վատիկանի նախկին ոստիկանապետ Տիար Տոմենիքօ Ճանի, որ օրեր առաջ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր պաշտօնէն, Վատիկանի մէջ կայացած յատուկ մէկ արարողութեամբ արժանացաւ «Gran Croce Ordine Piano» ասպետական տիտղոսին։

Ունկնդրէ լուրը

Սա Սուրբ Աթոռի ամենաբարձր պատուական տիտղոսն է որ կը շնորհուի աշխարհականներուն։

Շքանշանը Ճանիին յանձնուեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով, Վատիկանի Պետութեան նախագահ՝ Կարդինալ Ճուզփփէ Պերթելլոյի կողմէ, ի ներկայութեան Պետքարտուղարի փոխանորդ գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրայի, Վատիկանի Պետութեան քարտուղար գերապայծառ Վերկէս Ալզակայի, Վատիկանի նորանշանակ ոստիկանապետ Ճանլուքա Պրոքքոլեթի ու  փոխ ոստիկանապետ Տավիտէ Ճուլիեթթի։

Արարողութեան ընթացքին Կարդինալ Պերթելլոն իր գնահատանքը յայտնեց Տոմենիքօ Ճանիին տածած աշխատանքին համար ինչպէս նաեւ անոր փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Կառավարութեան, Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարութեան երախտագիտութիւնը, երկար տարներուն ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն համար՝ Եկեղեցւոյ ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 08:39