Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հրամանատար Ճանի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հրամանատար Ճանի 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Վատիկանի Ոստիկանութեան հրամանատար՝ Ճանիի հրաժարականը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց նաեւ յիշել հրամանատար Ճանիին, քսան ամեայ անվիճելի հաւատարմութիւնն ընդգծելով որ Հրամանատար Ճանին Քահանայապետին շուրջ կարողեցաւ կառուցել եւ երակաւորել անվտանգութեան եւ բնականութեան մշտական մթնոլորտ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տիար Տոմենքիօ Ճանի՝ Վատիկանի Պետութեան ոստիկանութեան հրամանատարը, Նորին Սրբութեան ձեռքերուն մէջ « ներկայացուցած է հրաժարականը, Եկեղեցւոյ  ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին սիրոյն ու հաւատարմութեան հոգիով»։  Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ վերջերս որոշ լրատուական միջոցներ հրապարակած էին Հրամանատար Ճանիի ստորագրութիւնը կրող  Վատիկանի գաղտնի ծառայութեան հայող հրամանագիր մը,  Սուրբ Աթոռի աշխատակազմի մի քանի անդամներու վարչական սահմանափակումներու մասին, անոնց անուններով եւ նկարներով։

Սոյն արարքը կը նկատուի մարդկային արժանապատուութիւնը եւ նոյնինքն ոստիկանութեան պատկերին մեծ վնաս հասցնող արարք։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ «Հրամանատարը ոչ մէկ անձնական պատասխանատուութիւն  ունի վերոնշեալ հարցին մէջ ու թէ իր այս հրաժարումով ան կը փափաքի երաշխաւորել հետաքննութեան գործընթացի խաղաղ եւ արդար ընթացքը»։

«Ընկալելով հրամանատարի հրաժարականը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոր հետ ունեցաւ երկար զրոյց մը,  անոր արտայայտելով իր անձնական գնահատանքը առած վեհանձն որոշումին համար, որուն մէջ  ի յայտ կու գայ  ազատութեան եւ իշխանութեան նկատմամբ զգացումի արտայայտութիւն, որ պատիւ կը բերէ անձին ու անոր հեզութեամբ կատարած ծառայութեան՝ ի նպաստ Պետրոսեան Առաքելութեան ե Սուրբ Աթոռին» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց նաեւ յիշել հրամանատար Ճանիին, քսան ամեայ անվիճելի հաւատարմութիւնն ընդգծելով որ Հրամանատար Ճանին Քահանայապետին շուրջ կարողեցաւ կառուցել եւ երակաւորել անվտանգութեան եւ բնականութեան մշտական մթնոլորտ։

Ողջունելով Տիար Տոմենքիօ Ճանին, Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր  բարձրորակ ու նուրբ ու բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար զոր մատուցած է նաեւ միջազգային շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ոստիկանութեան Մարմինը  անվիճելի արհեստավարժ բարձր մակարդակի հասցուցած ըլլալուն համար։

Յայտնենք թէ անցեալ օրերուն Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Պրունի յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր հաստատելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը վերոնշեալ հրամանագիրի տարածումը նկատած էր «մահացու մեղք»,  որովհետեւ կը վնասէ մարդոց արժանապատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2019, 15:00