Որոնել

Ամազոնի մէջ գետ: Ամազոնի մէջ գետ: 

Վատիկանի մէջ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան 27-րդ համերգը նուիրուած Ամազոնի ժողովուրդին։

Համերգին այս տարուան նպատակն է աջակցիլ ֆրանչիսկոս Պապին նախաձեռնութիւններուն ուղղուած Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին, Վատիկանի Ռատիոկայանի սրահէն ներս մամլոյ  ասուլիսին մը ընթացքին պիտի ներկայացուի  Վատիկանի մէջ կայանալիք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին 27րդ համերգը:

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան համերգը, ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս՝ յառաջիկայ 14 դեկտեմբերին:

Այս տարուան համերգին նախաձեռնողն է Կաթողիկ կրթութեան ի սպաս համաժողովը՝ աջակցութեամբ «Տոն Պոսքօ Վալտոքքօօ կազմակերպութեան եւ Քահանայապետական Սքոլաս Օքուրենթէս հիմնարկին:  

Վատիկանի Յիսուսի սուրբ Ծննդեան  27 համերգի այս տարուան նպատակն է աջակցիլ  ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ձեռնարկուած  Ամազոնեան տարածաշրջանին ի սպաս բարեսիրական գործերուն:

Համերգին աջակցող բարեսիրական կազմակերպութիւնները՝ի մէջ այլոց  Սքոլաս Օքուերենես քահանայապետական հիմնարկը«Ամազոնի համար ցանց մը կազմենք» ծրագիրով իրենց զօրակցութիւնը պիտի բերեն Ամաոզոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն:

Ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ նուիրատուութեան միջոցաւ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 11:09