Որոնել

Բնիկ ժողովուրդ Բնիկ ժողովուրդ 

Ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցական ցանցը դատապարտեց բնիկ ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած բռնութեան արարքները:

Ամազոնեան տարածաշրջանին եկեղեցական ցանցը մտահոգութիւնը յայտնած է որ բռնութեան արարքները կրնան բազմապատկուիլ եւ ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրանսփոնթինա եկեղեցիէն վերցուած ապա Հռոմի Թեւերէ գետին մէջ նետուած են Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներէ յղի կին խորհրդանշող երեք փայտէ արձաններ:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս առնչութեամբ Վատիկանի հաղորդակցութեան բաժանմունքի վարիչ, տիար Փաուլօ Ռուֆինի յայտարարութեամբ մը նշեց թէ այդ արձանները, կեանքի, բերրիութեան խորհրդանիշ են:  Արձաններուն կողոպտումի ժէսթը կը հակազդէ երկխօսութեան հոգիին, որ պէտք է խանդավառէ բոլորը:  

Մինչ՝ ամազոնեան եկեղեցական ցանց կազմակերպութիւնը, որ ձեռնարկած է «հասարակաց տուն» ծրագիրը,  երեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին հաղորդագրութեամբ մը  դատապարտեց բնիկ ժողովուրդներուն դէմ կատարուած բռնութեան եւ կրօնական անհանդուրժողութեան արարքները, նշելով թէ այդ արարքները արգելք կը հանդիսանան եկեղեցւոյ վերանորոգումի նոր ուղիներ կառուցելու հոլովոյթին:

Եկեղեցական ցանցը իր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ այդ արարքները կրնան բազմապատկուիլ եւ ծանր հետեւանքներ ունենալ, հաստատելով  թէ եկեղեցական ցանցի ներկայութիւնը ու իրենց  ձեռնակները՝ ի մէջ այլոց հասարակաց տուն ծրագիրը,  միշտ  խաղարար եղած են եւ որդեգրած աղօթքի կեցուածք, հայցելով սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը սինոդական գործընթացին:   

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ« ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցական ցանցը պիտի չպատասխանէ այդ  բռնութեան արարքներուն ու հաւատարիմ մնալով Աւետարանին պիտի ճանչնան ու կը յարգեն Քրիստոսի հետ հանդիպումի արտայայտութեան բազմազանութիւնը:

Քրիստոսի  աւետարանի կոչը անխտիր ուղղուած է բոլորին եւ իբրեւ հասարակաց տուն յանձնառու կը մնանք եկեղեցւոյ միութեան՝ իր բազմազանութեան մէջ :

Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոցմէ կը խնդրենք, որ  միացած  ու ամուր մնան ամազոնեան տարածաշրջանի փրկութեան յանձնառութեան: Նշուած է ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցական ցանցի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2019, 11:24