Հինգ նոր սուրբերու պատկերները Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատին վրայ Հինգ նոր սուրբերու պատկերները Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատին վրայ 

Սուրբ Պետրոսի մէջ սրբադասման արարողութիւն։

Կարդինալ Հէնրի Նիումէն, Մայր Մարիամ Թրեզա Մանիտիեան, Ճուզեփփինա Վաննինի, Տուլչէ Լոփէս Փոնթէս եւ Մարկարիթա Պէյ սուրբերու շարքին պիտի դաուսին։

Ռ. Աթթարեան  Վ, Աբարդեան - Վատիիան

Կիրակի 13 հոկտեմբերին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած Սուրբ Պատարագի ընթացքին հինգ երանելիներ խորաններու պատւողն պիտի արժանանան։

Կից կը ներկայացնենք անոնց հակիրճ կենսագրականը։

Կարդինալ Հէնրի Նիումէն
Կարդինալ Հէնրի Նիումէն

Կարդինալ Հէնրի Նիումէն ճշմարտութեան առաքեալը։

«Անկլիքան երիտասարդ քահանայ մը որ դարձաւ Կարդինալ», այս է՝ կիրակի 13 հոկտեմբերին սուրբ հռչակուելիք Կարդինալ Նիումէնի հոգեւոր ուղեւորութեան ընթացքը, որուն նպատակը եղաւ՝ փնտռել ճշմարտութիւնը։

Խելացի  երիտասարդ Հէերին 25 տարեկանին կը հանդիպի Աստուծոյ եւ երկու տարուայ մէջ Ան կը դառնայ Անկլիքան քահանայ որ ծառայութիւն կը մատուցէ քարոզելով ժողովուրդին եւ դասաւանդելով Օքսֆորտի համալսարանին մէջ։  Տարիներու ընթացքին սակայն հարցում կը խռովութիւն կը յարուցէ անոր սրտին մէջ.  «կար՞ող է այս Եկեղեցին (Անկլիքան) որուն հիմնադիրը Թագաւոր մըն է Քրիստոսի իսկական եկեղեցին ըլլալ»։ Սոյն հարցումին պատասխանը ան կը գտնէ Իտալիա կատարած ճամբորդութեան մը ընթացքին, երբ ծանր հիւանդութեան կը բռնուի ու կ՛աղօթէ իր բուժումին համար ամբողջապէս յանձնուելով Աստուծոյ ու թոյլ տալով որ Անոր լոյսը առաջնորդէ իր քայլերը։

Օքսֆորտ վերադարձին Հէնրին ինքզինք հեռու կը զգայ  Անկլիքան եկեղեցիէն եւ կը սկսի խորացնել Եկեղեցւոյ Վարդապետներու ուսուցումները իր շուրջ հաւաքելով գիտնականներու խումբ մը որոնք իր հետ միասին կը քննարկեն կարեւոր հարցեր։ 1843-ին ան կը յանգի կարեւոր մէկ որոշումի եւ նոյն տարուայ 24 սեպտեմբերին արտասանելէ ետք անկլիքան քահանայի իր վերջին քարոզը, կը լքէ անկլիքան եկեղեցին։ Երկու տարիներ ետք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անդամակցելու խնդրանք կը ներկայացնէ եւ Հռոմի մէջ աւարտելէ ետք աստուածաբանական ուսումները՝ 18747-ին  կաթողիկէ կուսակրօն Քահանայ կը ձեռնադրուի։

1850 ին ան կը վերադառնայ Անգլիա ու հակառակ դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն կը յաջողի Օքսֆորտի մէջ հիմնել Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիին պատանիներու եկեղեցական զբօսավայր մը ուր կը շարունակէ իր եկեղեցական ծառայութիւնը։ 1879-ին Լէոն ՒԳ Քահանայապետը անոր կը շնորհէ Կարդինալական տիտղոսը։

Կարդինալ Նիւմէն իր մահկանացուն կը կնքէ 11 օգոստոս 1890-ին Պիրմինկհամի ճգնարանին մէջ։

Մայր Մարիամ Թրեզա Մանիտիեան
Մայր Մարիամ Թրեզա Մանիտիեան

Մայր Մարիամ Թրեզա Մանիտիեան՝ ընտանիքներու առաքեալ։

Հնդկաստանի Քերալա նահանգի մէջ 1876-ին ծնած Մարիամ Թրեզա իր սիրոյ ու բարեսիրութեան կոչումը կ՛ապրի հերոսաբար ինքզինք նուիրելով աղքատներուն ու խնամք տանելով հիւանդներուն եւ տարեցներուն ինչպէս նաեւ թշուառութեան մէջ ապրող անհատներուն ու այս կ՛ըլլայ նաեւ Անոր հիմնած « Սուրբ Ընտանիքի» անուամբ միաբանութեան առաքելութիւնը։

Ան վաղ հասակին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ կ՛որոշէ որպէս մայր որդեգրել Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը։

Թրեզա իր առաքելութեան առաջին քայլերը մի քանի բարեկամուհիներու հետ միասին կը կատարէ իր ժողովրդապետութեան մէջ։ 1904-ին Անոր եպիսկոպոսը թոյլտուութիւն կու տայ իր անունին կցել Մարիամ անունը։ Ան նախ կը մտնէ Ֆրանչիսկեան միաբնութեան Քլարիսներու վանք ապա կը փոխադրուի Քարմլեիթեններու վանք,  սակայն ոչ մէկուն մէջ ինքզինք հանգիստ կը զգայ ու կ՛որոշէ  ձեռք բերել տուն մը  ուր կը փոխադրուի 1913-ին, երկու բարեկամուհիներու հետ միասին, սկիզբ տալով հասարակական նոր կեանքի մը որ ապագային պիտի դառնայ Սուրբ Ընտանիք միաբանութիւնը որուն առաջնահերթ առաքելութիւնն ու ուշադրութիւնը կ՛ուղղուի Ընտանիքին։ Մայր Մարիամ Թրեզա իր մահկանացուն կը կնքէ 8 Յունիս 1926-ին։

Քոյր Ճուզեփփինա Վաննինի
Քոյր Ճուզեփփինա Վաննինի

Սուրբ Քամիլլոյի դուստրեր միաբանութեան հիմնադիր՝ Ճուզեփփինա Վաննինի։

Մանուկ հասակին որբ մնացած ու հազիւ 4 տարեկանին իր եղբայրներէն բաժնուած Ճուզեփփինա  Վաննինի  Հռոմի Թորլոնիայի մանկատան մէջ կը գտնէ իր կոչումը։

1891ին ան կը մասնակցի հոգեւոր կրթութեան ուր կը հանդիպի Քամիելան միաբանութեան անդամ Հայր Լուիճի Թեցցային որ հասկնալով Ճուզեփփինային յանձնուած աստուածային ծրագիրը անոր կ՛առաջարկէ մաս կազմել Քամիլեան միաբնութեան  երրորդ կարգի միաբանութեան վերակազմաւորման ծրագրին որ իր գործունէութիւնը կը սկսի 2 փետրուար 1892-ին։

Միաբանութիւնը սակայն կը գտնուի մեծ  դժուարութիւններու դիմաց ու անոր կանոնագիրքը երկու անգամ կը մերժուի Սսուրբ Աթոռի կողմէ։

Աստուածային նախախնամութիւնը սակայն թիկունք կը կանգի անոր ու երբ  Մայր Ճուզեփփինա կը մահանայ 1911-ին Սուրբ Քամիլլոյի դուստրեր միաբանութեան անդամներու թիւը հասած էր 156-ի Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր 16 կեդրոններով։

«Հիւանդին հոգեկան եւ ֆիզիկական աջակցութիւնը » կը հանդիսանայ հիմնադրուին իր միաբնակից քոյրերուն թողած հիմնական ժառանգութիւնը

Քոյր Տուլչէ Լոփես
Քոյր Տուլչէ Լոփես

Երանելի Տուլչէ Լոփեէս Փոնթես

Աւազանի անունով Տուլչէ Լոփեէս Փոնթես Տէ Սուզա Պրիթօ երանելի Մարիա Սուզա Ռիթա, ամբողջ կեանք նուիրած է աղքատներուն, տառապողներուն եւ լքուածներուն նոյնիսկ հիւրընկալելով զանոնք իր բնակարանին մէջ: Ան 18 տարեկանին ականատես ըլլալով աղքատներով եւ հանդիներով լեցուն գիւղի մը վճռած է իր բնակարանը վերածել հիւրընկալութեան վայր:

Երանելին, Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի հանդէպ ունէր խոռ ջերմեռանդութիւն: Իր մէջ զգալով Տիրոջ ծառայելու եւ սիրելու կոչումը մտած է Անարատ յղութեան քոյրերու վանքը անուանակոչուելով Տուլչէ նուիրելով իր ամբողջ կեանքը աղքատներուն:
Քոյր Տուլչէ զբաղած է նաեւ աշխատաւորներուն կրթութեամբ հիմնելով Սուրբ ֆրանչիսկոսոս անուամբ աշխատաւորներու միութիւն:

Հիմնած է նաեւ Սուրբ Անտոն անուամբ մեծ հիւանդանոց մը, որ այսօրուան դրութեամբ հիւանդանոցի մէջ կան 1500 անկողիններ:

1991-ին, ծանր հիւանդութեան պատճառաւ կրօնաւորուհին հիւանդանոց կը մտնէ, ուր զինք այցելած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը
13 մարտ 1992-ին, շրջապատուած հարիւրաւոր աղքատներով եւ հիւանդներով հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած:
Նշենք, թէ քոյր Լոփես 1988-ին, խաղաղութեան մրցանակին պիտի արժանանար:
 

Մարկերիթա ՆՊայս
Մարկերիթա ՆՊայս

Մարկերիթա Պայս առօրեայ կեանքի Սրբուհին:

Զուիցերացի նոր սրբուհին, աշխարական Զուիցերացի քաղաքացի մըն էր, որ Տիրոջ հասնելու նպատակաւ իբրեւ ուղի ընտրած է ընտանեկան առօրեայ կեանքի ուղին, մերժելով կրօնական հաստատութիւն մուտք գործել:
Ան ծնած է Զուիցերիոյ մէջ 1815-ին: 15 տարեկանին դերձակութեամբ զբաղած է :
Քոյր Մարկերիթան ըլլալով աղօթասէր, ամէն օր վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը կը կատարէր, սուրբ պատարագի կը մասնակցէր հրաւիրելով միշտ իր բոլոր գործընկերները :Իսկ ազատ ժամերը ժողովրդապետութեան մէջ կ՝անցուցած է:
Քոյր Մարկերիթա միշտ սիրած եւ այցելած է հիւանդները, աղքատները, այն համոզումով, որ աղքատները, լքուածները Աստուծոյ նախընտրեալներն են: Այս առաքելական ապրելաձեւին համար , կ՝ընդունի անդամակցիլ ֆրանչիսկեաներուն աշխարականներու միաբանութեան՝ 1860-ին:

1853ին, կ՝ենթարկուի ծանր վիրաբուժական գործողութեան եւ որուն հետեւանքով կը տառապէր ծանր ցաւերէ: Երանելին Սուրբ կոյս Մարիամին կը դիմէ հայցելով որ ամոքէ իր ցաւերը: 8 դեկտեմբեր 1844-ին, մինչ Հռոմի մէջ Պիոս Թ Տիրամօր Անարատ յղութեան վարդապետութիւնը կը հռչակէր , Տիրամայր կ՝ընդառաջէ Քոյր Մարկերիթայի խնդրանքին: :
Այդ օրէն անդին սրբուհին միշտ առ աւելիով կը կապուի Քրիստոսի խաչի վրայ կրած տառապանքներուն:
Սրբուհին հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած 27 յունիս 1879-ին: Բոլոր անոնք որ զինք կը ճանչնան ըսին, որ Քոյր Մարկերթիան որպէս սրբուհի մահացաւ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2019, 10:26