Գերապայծառ Աուզա Գերապայծառ Աուզա 

Գերապայծառ Աուզայի ՄԱԿ-ի մէջ միջամտութիւնը ի նպաստ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն։

Դրական իրականութիւն է որ տարբեր Պետութիւններ գործնական միջոցներ որդեգրած են ճանչնալու համար բնիկ ժողովուրդներու ինքնավարութեան եւ ինքնակառավարումի իրաւունքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի 74-րդ նստաշրջանի ընթացքին ունեցած ելոյթի մը մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Պերանտիթօ Աուզա  շեշտը դրաւ բնիկ ժողովուրդներու ինքնավարութեան եւ ինքնակառավարման իրաւունքներու վրայ ու նաեւ քաղաքական կեանքի անոնց մասնակցութեան իրաւունքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Դրական իրականութիւն է որ տարբեր Պետութիւններ գործնական միջոցներ որդեգրած են ճանչնալու համար բնիկ ժողովուրդներու ինքնավարութեան եւ ինքնակառավարումի իրաւունքը։ Այս գործնական քայլերը կը նպաստեն բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու իրականացումին, եւ անոնց մշակութային ու հոգեւոր արտակարգ ժառանգութեան միջոցաւ անոնց թանկարժէք ներդրումին՝ ընկերութեան կեանքէն ներս,  ու աւելի լայն իմաստով  հասարակաց բարիքին ի նպաստ» ըսած ի մէջ այլոց Վատիկանի դիւանագէտը անցեալ 11 հոկտեմբերին ՄԱԿ-ի մէջ կայացած «Բնիկ Ժողովուրդներու իրաւունքներ» նիւթին շուրջ քննարկումի ընթացքին։ 

Մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը գերապայծառ Աուզա նշեց թէ «էական է յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց մշակոյթին», այս ուղղութեամբ  մատնանշելով երկու հիմնական երեւոյթներու՝ որոնցմէ  առաջինը կը հայի բնիկ ժողովուրդներու կարողութեան՝ ամենալաւ կերպով հոգ տանելու իրենց հողին եւ իրենց ողջ աւանդութիւններուն իսկ երկրորդը հայող  բնիկ ժողովուրդներու դէմ կիրակուած այն ուժեղ ճնշումներուն, որոնք կը ստիպեն  զանոնք ծախել իրենց հողերը ու լքել իրենց բնակարանները, խախտելով  Միացեալ Ազգերու բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրի պայմանները ։

Գերապայծառ Սուզա վերյիշեց նաեւ որ ՄԱԿ-ը 2019 տարին հռչակած է Բնիկ Ժողովուրդներու լեզուներու միջազգային տարի, հրաւիրելով միջազգային հասարակութիւնը շարունակել ներդրել բոլոր ջանքերը՝ «պահպանելու, խթանելու ու վերակենդանացնելու բնիկ լեզուները՝ որոնք յաճախ անհետացումի սպառնալիքի տակ են» ըսաւ Ան, հաստատելով նաեւ որ այդ ժողովուրդներու իրաւունքներու մէջ է կարողանալ յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցել սեփական պատմութիւնը, լեզուն, աւանդութիւններն ու մշակոյթը ու նաեւ մասնակցիլ Պետութիւններու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային կեանքին։

Սուրբ Աթոռը յոյս ունի որ բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած Միացեալ Ազգերու մնայուն Ֆորումի 19-րդ նստաշրջանը առիթ ընծայէ գնահատելու «բնիկ ժողովուրդներու լեզուներու միջազգային տարին» ու ի յայտ դնելու ձեռքբերումներն ու բացաթողումները՝ ըլլայ տեղական, ըլլայ ազգային եւ ըլլայ միջազգային գետնի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2019, 10:03