Գերապայծառ Աուզա Գերապայծառ Աուզա 

«Հանդիպումի մշակոյթը մշտատեւ պատասխան է միջազգային ահաբեկութեան» Գերապայծառ Աուզա ՄԱԿ-ի մէջ։

«Տրուած ըլլալով որ բոլորս ահաբեկութեան սպառնալիքին տակ ենք, հարկաւոր է որ բոլորս արձագանքենք» շեշտեց Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միջազգային ահաբեկութեան ցաւալի երեւոյթի դէմ պայքարը կը պահանջէ քաղաքացիական եւ կրօնական գործողութիւններու միասնութիւն ու օրէնքի եւ իրաւունքի կիրարկումի ուժ, սակայն որպէսզի ան ըլլայ մշտատեւ պէտք է հիմնուի հանդիպումի մշակոյթին վրայ, որ կը դիւրացնէ  փոխադարձ կերպով զիրար ընդունիլը  ու կը խթանէ խաղաղ եւ ներառող ընկերութիւններ». Այս եղաւ ՄԱԿի Մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Պենարտիթօ Աուզայի ՄԱԿ-ի 74 նստաշրջանի ընթացքին ունեցած ելոյթին կեդրոնական կէտը։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի ներկայացուցիչը դատապարտեց ահաբեկչական արարքները, որոնք կը հարուածեն անմեղ մարդիկ, հաստատելով որ «այդ արարքներուն դաժանութիւնը, որով կ՛անարգուի մարդկային կեանքը, չի կրնար մեզ անտարբեր թողուլ եւ ոչ ալ կարելի է արդարացնել»։

Գերապայծառ Աուզա կոչ ուղղեց հրատապ լուծումներ որոնելու՝ ըլլայ ազգային, ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, պայքարելու համար եւ արմատախիլ ընելու այդպիսի խիստ ցաւալի երեւոյթ մը,  այս ծիրէն ներս մատնանշելով չորս կարեւոր կէտերու. խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, մարդկային իրաւունք, օրէնքի գերակայութիւն եւ մարդկային զարգացում, որոնք, ըսաւ Ան, հետեւողական կերպով թիրախ են ահաբեկութեան։

«Տրուած ըլլալով որ բոլորս սպառնալիքի տակ ենք, հարկաւոր է որ բոլորս արձագանքենք» շեշտեց Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզան, այդ ուղղութեամբ ներկայացնելով առաջարկներ։

Առաջին՝ կանխարգիլել ու մերժել ֆինանսական աջակցութիւն եւ զինային մթերք, անոնց որոնք «ահաբեկչական» մարտավարութիւններ կը գործածեն. Երկրորդ՝ կանխարգիլել երիտասարդներու արմատականացումը լրատուամիջոցներու ու տեղեկատուական արուեստագիտութեան միջոցով. Երրորդ՝ ահաբեկութեան դէմ պայքարին մէջ դիմել քրէական օրէնքներու ու միջազգային գետնի վրայ ոստիկանութեան եւ դատական իշխանութիւններու միջեւ փոխադարձ համագործակցութեան։

Սուրբ Աթոռի դէտը հուսկ ընդգծեց թէ բոլոր պետութիւնները կանչուած են համագործակցելու իրար միջեւ ու նաեւ տեղական քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու կրօնական հասարակութիւններու հետ, խթանելու համար զարգացում եւ կրթութիւն, պաշտպանելով մարդկային իրաւունքը եւ կանխարգիլելով ահաբեկութեան քարոզութեան տարածումը։

Վատիկանեան պատուիրակութիւնը այս առթիւ ներկայացուցած է 6 կէտերէ բաղկացած առաջարկ. Յարգել խղճի կրօնքի ու հաւատքի ազատութիւնը, երաշխաւորել օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներուն հաւասարարութիւնը, դրական ու յարգելից զանազանութիւն դնել ընդմէջ քաղաքական ու կրօնական ոլորտին, ապա վճռակամ դատապարտել ատելութեան ու բռնութեան համար կրօնքի ու հաւատքի օգտագործումը, իսկ հինգերորդ միջ մշակութային ու միջ կրօնական երկխօսութեան ուղիով յանձնառում եւ վեցերորդ՝  որդեգրել կրթական արդիւնաւէտ ջանքեր, կազմաւորելու նպատակով պատասխանատու եւ խաղաղութեան սիրահար քաղաքացիներ։

Վերակոչելով Ապու Տապիի մէջ Քահանայապետի եւ Աւագ Իմամ Ալ Թայեպին միջեւ ստորագրուած «Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթի հրաւէրը ու կոչը ուղղուած աշխարհի ղեկավարներուն խթանելու՝ երկխօսութիւն, համագործակցութիւն, հանդուրժողականութիւն ու հասկացողութիւն, գերապայծառ  Աուզա իր զեկուցումի աւարտին դարձեալ շեշտը դրաւ հանդիպումի մշակոյթի կարեւորութեան վրայ, որ, յայտնեց Ան, կը խթանէ փոխադարձ ընդունում ու խաղաղ եւ ընդելուզող ընկերութիւն, որպէս մշտատեւ պատասխան ահաբեկութեան սպառնալիքներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 12:18