1570433835189.JPG

Սկիզբ առաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսներու արտակարգ սիւնհոդոսը։

«Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 7 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ կայացած յատուկ աղօթքով եւ դէպի Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճ ուղղուած թափորով սկիզբ տրուեցաւ Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին, որուն կեդրոնական նիւթն է Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքն ու թափօրը գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցութեամբ ՝ սիւնհոդոսական 185 հայրերուն, ու բնիկ ժողովուրդները ներկայացնող պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսի մասնակցող մասնագէտներուն եւ հիւրերուն։

Մինչեւ 27 հոկտեմբեր 2019 տեւող սիւնհոդոսական նիստերու բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն յաջորդեց Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերիի  ներկայացումը,  ապա սիւնհոդոսի Գլխաւոր Զեկուցող՝ Համա -ամազոնեան եկեղեցական ցանցի նախագահ՝ Կարդինալ Քալուտիօ Հիւմմէսի զեկուցումը։

Սիւնհոդոսական նիստերը նախատեսուած են ամէն օր առաւօտեան 9էն մինչեւ 12.30, հուսկ յետմիջօրէի  16.30 մինչեւ 19.30։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սիւնհոդոսի որպէս յատուկ քարտուղարներ նշանակած է գերապայծառ Տաւիտ Մարթինէզ Տէ Ակուիրէ Կուինէան, որ Փուէրթօ Մալտոնատոյի առաքելական փոխանորդն է, ինչպէս նաեւ նորանշանակ Կարդինալ Միքայէլ Շզեռնի՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղարը։

Մինչ սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահներ նշանակուած են՝ Քարաքասի առաքելական հոգաբարձու  Կարդինալ Էնրիք Փորրաս Քարտոզօ,Համա ամազոնեան եկեղեցական ցանցի փոխ նախագահ կարդինալ  Ռիքարտօ Պարրեթօ Ւմենօ եւ առաքելական ընկերութիւններու ու նուիրեալ կեանքի Ժողովի կառավարիչ  Կարդինալ Ժաօ Պրազ Տէ Ավիզը։

Ամազոնեան Պապին աչքերուն ու սրտին մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 09:48