Որոնել

Ողորմութեան խաչը Ողորմութեան խաչը 

«Կանչուած ենք ըլլալու Աստուծոյ ողորմութեան վկաներն ու պատգամաւորները». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Աշխարհին ընծայենք լոյս՝ այնտեղ ուր կայ խաւար, յոյս« այնտեղ ուր կը տիրէ յուսահատութիւն եւ փրկութիւն« այնտեղ ուր կայ մեղքը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 23 սեպտեմբեր 2019-ին, Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի (Փատրէ Փիօ)ի ծիսական տօնը։ Ան ծնած էր Իտալիոյ Փիեթրալչինա գիւղաքաղաքին մէջ՝ 25 մայիս 1887ին ու սրբակենցաղ կեանքի աւարտին իր հոգին աւանդած էր առ Հայր՝ 23 սեպտեմբեր 1968ին։ Սուրբ Հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով՝ 16 Յունիս 2002 թուականին։  

Ունկնդրէ լուրը

Փատրէ Փիոյին ծիսական տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ «կանչուած ենք ըլլալու Աստուծոյ ողորմութեան պատգամաւորներն ու վկաները, աշխարհին ընծայելու լոյս՝ այնտեղ ուր կայ խաւար, յոյս՝ այնտեղ ուր կը տիրէ յուսահատութիւն եւ փրկութիւն՝ այնտեղ ուր կայ մեղքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 13:30