Խաղաղութեան Համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը «Խաղաղութիւնը ամենօրեայ մարտահրաւէր է»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Խաղաղության միջազգային օրը», որ նուիրված է աշխարհի խաղաղութեանը եւ աշխարհի մէջ պատերազմի ու բռնութեան բացառումին: Օրը առաջին անգամ նշուած է 1982 թուականին։
Օրուան նշման առթիւ ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կը հնչէ Նիու Եորքի այնտեղ զետեղուած խաղաղության զանգը, որ պատրաստուած է աշխարհի բոլոր աշխարհամասերէ՝ բացի Ափրիկէէն, երեխաներու նուիրաբերած մետաղադրամներով, ու նուէրն է Ճափոնի Միաւորուած ազգերի միութեան՝ որպէս խորհրդանիշ «պատերազմի մարդկային կորուստներու յիշատակութեան»: Զանգի վրայ զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Երկար կեանք աշխարհի մէջ բացարձակ խաղաղութեան»:
Խաղաղութեան միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Խաղաղութիւնը սրտի ու հոգիի դարձ մըն է։ Ան մարտահրաւէր է զոր պէտք է ընկալել ու դիմագրաւել օր ըստ օրին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ