Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Խաղաղութեան Համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը «Խաղաղութիւնը ամենօրեայ մարտահրաւէր է»

«Խաղաղութիւնը սրտի ու հոգիի դարձ մըն է։ Ան մարտահրաւէր է զոր պէտք է ընկալել ու դիմագրաւել օր ըստ օրին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Խաղաղության միջազգային օրը», որ  նուիրված է աշխարհի  խաղաղութեանը եւ աշխարհի մէջ  պատերազմի ու բռնութեան բացառումին: Օրը առաջին անգամ նշուած է 1982 թուականին։  

Օրուան նշման առթիւ ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կը հնչէ Նիու Եորքի այնտեղ  զետեղուած  խաղաղության զանգը, որ պատրաստուած է աշխարհի բոլոր աշխարհամասերէ՝ բացի  Ափրիկէէն, երեխաներու նուիրաբերած մետաղադրամներով, ու նուէրն է Ճափոնի  Միաւորուած ազգերի միութեան՝ որպէս խորհրդանիշ «պատերազմի մարդկային կորուստներու յիշատակութեան»: Զանգի վրայ զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Երկար կեանք աշխարհի մէջ  բացարձակ խաղաղութեան»:

Խաղաղութեան միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Խաղաղութիւնը սրտի ու հոգիի  դարձ մըն է։ Ան մարտահրաւէր է զոր պէտք է ընկալել ու դիմագրաւել օր ըստ օրին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 13:00