Արարչագործութիւն Արարչագործութիւն 

«Սուրբ Հոգին յոյսը վերակառուցողն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 2 եւ 3 սեպտեմբերի թուիթները։

Արարչագործութիւնը, Աստուծոյ ընկերային ցանցն է որ մեզ կը մղէ Արարիչին բարձրացնելու գովաբանութեան տիեզերական փառաբանութեան երգեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ Սուրբ Հոգին կը հրաւիրենք մեր վէրքերուն վրայ, Ան վատ յիշատակները կ՛օծէ յոյսի բալասանով, որովհետեւ Հոգին Սուրբ յոյսի վերակառուցողն է»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 3 սեպտեմբեր 2019-ին Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Մինչ երկուշաբթի 2 սեպտեմբերին Ան հրապարակեց երեք թուիթներ որոնք քաղուած էին՝ սեպտեմբեր մէկին յիշատակուած Արարչագործութեան ի նպաստ աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ հրապարակուած Քահանայապետական պատգամէն։

Առաջին թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց «Աստուծոյ սիրուած արարածներն ենք, Ան որ իր անհուն բարութեամբ մեզ կը կոչէ սիրելու կեանքը ու զայն ապրելու հաղորդութեան մէջ,  կապուած ստեղծագործութեան հետ»։

Երկրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց որ «Արարչագործութիւնը, Աստուծոյ հետ ու մեր միջեւ հանդիպումի վայր, Աստուծոյ ընկերային ցանցն է որ մեզ կը մղէ Արարիչին բարձրացնելու գովաբանութեան տիեզերական փառաբանութեան երգեր»։

Մինչ երրորդ թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթք բարձրացուց  առ Աստուած որպէսզի մեզի քաջութիւն պարգեւէ գործելու բարին։

«Աստուած կեանքի սիրահարը, մեզի քաջութիւն պարգեւէ գործելու բարին, առանց սպասելու որ ուրիշները կատարեն առաջին քայլը եւ առանց սպասելու որ ուշ ըլլայ», գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2019, 13:30