Կարդինալ Զենարին Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Կարդինալ Զենարին Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Կարդինալ Զենարիի իրատեսութիւնը. «Սուրիական անապատը դարձեալ պիտի ծաղկի»։

Խօսելով ռումբերու մասին Կարդինալ Զենարին նշեց թէ ամենազօրեղ ռումբը՝ աղքատութեան ռումբն է որ կը հարուածէ բնակչութեան 83 առ հարիւրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրիոյ մօտ  Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Զենարի Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած երկար հարցազրոյցի մը ընթացքին նկարագրած է Սուրիոյ այսօրուայ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, ինը տարիներու պատերազմէն ետք։

Ունկնդրէ լուրը

Ան խօսած է  աղքատութեան, անգործութեան, աւերներու ու յատկապէս կործանուած յարաբերութիւններու մասին ու այդ ողբերգական իրականութեան մէջ Եկեղեցւոյ յատուկ առաքելութեան. Մնալ ժողովուրդին մօտ ու վերակառուցել, առանց վհատելու, եւ  մտածելով որ անապատը դարձեալ պիտի ծաղկի։

Սուրիան «տառապանքի ծով է», «Նոր գողգոթայ» ուր բազմաթիւ Վերոնիքաներ եւ Սիմոն կիւրեղացիներ օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ ժողովուրդին, կիսելով անոր տառապանքը։ «Անոնք քաջութիւնն ունին հայեացքը ուղղելու վաղուան» կ՛ըսէ Կարդինալ Զենարի հարցազրոյցի ընթացքին, ակնարկելով այն միլիոնաւոր սուրիացի կիներուն ու մանուկներուն որոնցմէ  պատերազմը խլեց արժանապատուութիւնը ու  զրկեց ուսմունքէն ու խնամքէն, ստիպելով զանոնք հեռանալ իրենց օճախներէն։

Խօսելով ռումբերու մասին Կարդինալ Զենարին նշեց թէ ամենազօրեղ ռումբը՝ աղքատութեան ռումբն է, որ կը հարուածէ բնակչութեան 83 առ հարիւրը,  զանոնք ստիպելով ապրիլ յետին աղքատութեան  մէջ։ «Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք մարդկայնական ամենամեծ  ողբերգութիւնը» կը յայտնէ Պապական Նուիրակը ակնարկելով վերջին տուեալներուն որոնք  կը խօսին՝ 5 միլիոն 900 հազար ներքին տեղահանուածներու մասին, ապա այլ 5 միլիոն 600 հազար գաղթականներու մասին։ Սուրիոյ բնակչութեան կէսը։  

Կարդինալ Զենարի կը մատնանշէ ապա հիւանդանոցներուն  որոնց 54 առ հարիւրը փակ են ու կամ կը գործեն մասնակիօրէն, որոնց բերումով մահացողներու թիւը խնամքի պակասի պատճառաւ օր ըստ օրին կը բարձրանայ։ Դպրոցները նոյնպէս կը գտնուին փլատակ կամ աւերուած վիճակի մէջ ու 2 միլիոն մանուկներ զուկ են կրթութենէն։

Այլ մէկ ծանր հետեւանքներ ունեցող երեւոյթը միջազգային պատժամիջոցներն են, որոնց բերումով կը պակսի վառելանիւթը որ Սուրիական խիստ ձմեռը կը դարձնէ աւելի խիստ ու շատերուն համար մահացու։ Ապա քաղաքական անկայութիւնը որ կը գտնուի «վերելքի» ճանապարհի վրայ։

Կարդինալ Զենարի կը հաստատէ թէ Սուրիոյ մէջ կը պայքարին աշխարհի ամենամեծ բանակներէն հինգը որոնք ապա իրար դէմ կը հակամարտին Սուրիական հողին վրայ, նկատել տալով որ պատերազմը տմարդկային ոճիր մըն է։

Չարը սակայն կարող չէ գերակայել եւ ասոր համար Կարդինալ Զենարին ապագայի հեռանկարով կը հաստատէ թէ «Սուրիոյ անապատը պիտի ծաղկի դարձեալ, շնորհիւ նաեւ այն բարի Սամարացիներուն  որոնցմէ շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցին օգնութեան հասնելու համար տառապող ժողովուրդին։ Հարկաւոր է ծնկադրել անոնց զոհաբերումի  յիշատակին դիմաց։ Անոնց շարքին են մարդասիրական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, որոնք կը փորձեն մաքրել Քրիստոսին արիւնոտ դիմագիծը, ինչպէս ըրած էր Վերոնիքան խաչի ճանապարհի ընթացքին, որ իր աւարտին հասաւ  Յարութեամբ։ Ահա այդ Յարութեան յոյսով է որ կ՛ապրի Սուրիան – ըսաւ Կարդինալ Զենարի որ հարցազրոյցի  աւարտին անդրադրաձ կատարեց իսլամներու հետ յարաբերութեան ինչպէս նաեւ արտագաղթի հարցին մասին։

Արտագաղթը ըսաւ Ան կորուստ մըն է։ Անոնք որոնք եւրոպական երկիներ կը փոխադրուին դժուարաւ իրենց տուները կը վերադառնան, ու այս երեւոյթը կասեցնելու համար կան երկու առաջարկներ. առաջինը վերջ տալ պատերազմին իսկ երկրորդը որ քրիստոնեաները, միջին արեւելքի երկիրներուն մէջ իրենք զիրենք զգան միւս քաղաքացիներու հաւասար որոնք ունին լիիրաւ իրաւունքներ ու պարտականութիւն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 09:36