Ստրուկ Ստրուկ 

Սուրբ Աթոռը ԵԱՀԽ –ին .«կրօնական ազատութիւնը եւ պայքար ստրկութեան դէմ»:

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը Վարսավիայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԽ-ի կողմէ գումարուած համագումարին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

16-էն-27 սեպտեմբերին,  Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վարսավիոյ   մէջ գումարուող ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ  «ԵԱՀԽ»-ի կողմէ կազմակերպուած,  մարդկային ծաւալի իրականացման մասին  համագումարին:

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան մաս կազմող, ԵԱՀԽ-ի մօտ սուրբ Աթոռի պաշտօնատար՝ գերապայծառ Միրոսլավ Ս. Վաչովսքի, Սուրբ Աթոռի գրաւոր զեկոյցը յանձնեց համագումարին մասնակիցներուն:   

Համագումարին առաջին նիստին քննարկումի նիւթ եղաւ  կրօնական ազատութիւնը նկատելով զայն մարդկային հիմնական  իրաւունքներուն կարեւորագոյնը:

Գրաւոր զեկոյցին մէջ  հիմնական կերպով Սուրբ Աթոռը   նկատել կու տայ որ կրօնական ազատութեան մասին իրազեկման բարձրացումը կը նպաստէ ներքին ապահովութեան ինչպէս նաեւ  պետութիւններուն ընդմէջ,  ըընդգծելով կրօնական ազատութեան սահմանափակումի վերացման կարեւորութիւնը     

Երկրորդ նիստին ընթացքին Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը շօշափեց կիներու դէմ բռնութեան կանխարգիլման  եւ վիժումի հայող հարցեր   :

Վերջին նիստին քննարկումի նիւթ հանդիսացաւ  մարդավաճառութեան հարցը՝ արժանապատուութեան վէրքը:

Այս կապակցութեան Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ յիշելով ֆրանչիսկոս Պապին մարդավաճառութեան  մասին խօսքը  ընդգծեց մարդավաճառութեան դէմ ոճիրները  կանխարգիլելու ջանքերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Սուրբ աթոռը հրամայական կը նկատէ  նաեւ կրօնական բոլոր  կազմակերպութիւններուն ներգրաւումը՝ մարդավաճառութեան ախտին դէմ պայքարելու ի խնդիր:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 10:19