Նորին Սրբութիւնը «Մարդկային եղբայրութեան» կոմիտէի անդամներուն հետ Նորին Սրբութիւնը «Մարդկային եղբայրութեան» կոմիտէի անդամներուն հետ 

«Մարդկային եղբայրութեան» ի նպաստ Կոմիտէն գումարած է իր անդրանիկ նիստը։

Մարդկային Եղբայրութեան Կոմիտէն կազմուած է քրիստոնեայ եւ իսլամ խառն յանձնախումբի 7 անդամներէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ալ Թայիպի միջեւ, անցեալ 4 փետրուարին Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած «Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթը ի գործ դնելու համար ստեղծուեցաւ միջկրօնային յանձնախումբ մը որ իր անդրանիկ ժողովը գումարեց երէկ՝ 11 սեպտեմբեր 2019-ին,  Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ։ 11 սեպտեմբեր թուականը ընտրուած է որպէս նշան այն կամքին՝ կեանք եւ եղբայրութիւն կառուցելու այնտեղ ուր սերմանուած է մահ ու կործանում։

Ունկնդրէ լուրը

 Չորեքշաբթի  11 սեպտեմբերի առաւօտեան՝ Հրապարակային Ունկնդրութենէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ  վերոնշեալ յանձնախումբի անդամներուն հետ, քաջալերելով զանոնք մարդկային եղբայրութեան ի նպաստ իրենց յանձնառումին մէջ։ Կոմիտէի անդամները ամէն մին իր կրօնական աւանդութեամբ միասնաբար աղօթած են 11 սեպտեմբերի ու միւս բոլոր ահաբեկութեան զոհերուն համար։

Մարդկային Եղբայրութեան Կոմիտէն կազմուած է քրիստոնեայ եւ իսլամ  խառն յանձնախումբի 7 անդամներէ։ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներն են  գերապայծառ Միկել Անկել Աեուզօ Կիժոն՝ միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդին  նախագահը, ու Քահանայապետի յատուկ քարտուղար՝  Հայր Եոաննիս Լահզի Կայտը։ Ալ Ազհարի համալսարանը ունի երկու ներկայացուցիչ  ու  Արաբական Էմիրութիւնները երեք ներկայացուցիչ։

Անդրանիկ ժողովի ընթացքին կոմիտէի անդամները որոշեցին Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան առաջարկ  ներկայացնել 3  կամ 5 փետրուարը հռչակելու «Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային օր» ինչպէս նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ հրաւիրել մաս կազմելու կոմիտէին։ Կոմիտէի յաջորդ հաւաքը նախատեսուած է 20 սեպտեմբեր 2019-ին Նիու Եորքի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 08:30