Որոնել

Ցաւագին Տիրամօր Սրբապատկերը Ցաւագին Տիրամօր Սրբապատկերը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցական այլ նոր ժեսթ մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրիոյ տառապող ժողովուդին համար օրհնեց ցաւագին Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկեր մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ տառապող ժողովուրդի նկատմամբ աջակցական ձեռնակներուն ծիրէն ներս անցեալ 15 օգոստոսին ֆրանչիկոս Պապ աւելի քան 600 վարդարաններ օրհնեց՝ Սուրիոյ տարբեր ժողովրդապետութիւններէն ներս բաշխելու համար:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին ի սպաս «Մխիթարէ իմ ժողովուրդս», «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայպեատկան հաստատութեան ձեռնարկած քարոզարշաւի ծիրէն ներս կիրակի 15 սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Պապ վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա կառոյցէն ներս ընդունեց «օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» հաստատութեան մէկ պատուիրակութիւն մը առաջնորդութեամբ քահանայապետական հիմնարկի միջազգային բաժանմունքի նախագահ կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցային: Հանդիպումին ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրիոյ Տառապող ժողովուրդի համար օրհնեց  Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած իքոն մը, որուն հեղինակն է յոյն օրթոտոքս արուէստագէտ մը: Իքոնը իրականացուած է վերոնշեալ Սուրիոյ Ի նպաստ քարոզարշաւ ձեռնարկի ծիրէն ներս:

Նշենք որ Ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ իր մասնակցութիւն բերած է Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան Սուրիոյ տառապող ժողովուրդի ի նպաստ նախաձեռնած ծրագիրներուն : Անցեալ 2 դեկտեմբերն, Ֆրանչիսկոս Պապ մոմ մը վառելով իր մասնակցութիւնը բերաւ Քահանայապետական հաստատութեան նախաձեռնած «Մոմեր Սուրիոյ խաղաղութեան համար» ձեռնարկին:
Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա իր խորին երախտագիտութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան ցուցաբերած սիրալիր մօտիկութեան համար այն բոլոր վայերուն նկատմամբ ուր կայ արցունքներ չորցնելու կարիքը, նկատել տալով որ աշխարհը  կարեկցութեանյոյժ կարիքը ունի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2019, 12:13