Գերապայծառ ՓոլԿալլակեր.«Սուրբ Աթոռը կ՝աջակցի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային գործակալութեան գործունէութիւններուն»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, ելոյթ ունեցած է Վիեննայի մէջ գումարուած Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան 63-րդ ընդհանուր նիստին ընթացքին:
Գերապայծառը իր ելոյթին մէջ, Սուրբ Աթոռի բարեմաղթանքներն ու զօրակցութիւնը յայտնած է հիւլէական միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան անթիւ գործունէութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը նպաստեն միջազգային համագործակցութեան՝ հիւլէական զէնք կանխարգիլման համար:
Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր, փոխանցելով Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան 63-րդ նիստի մասնակիցներուն ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները, նկատել տուաւ, որ գործակալութեան գործունէութիւնները պէտք են նաեւ աջակցիլ մարդկային համապարփակ խթանման , նպաստելով հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ