Lուրտի սրբավայրը Lուրտի սրբավայրը 

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Փարոլինի պատգամը դէպի Լուրտ ուխտագնացութեան մասնակիցներուն:

Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ իւրաքանչիւր ուխտաւոր ճանչնայ Յիսուսը տառապող եղբայրներուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղեց «Ունիլթաս»ի նախաձեռնութեամբ , 19-28 սեպտեմբերին, դէպի Լուրտ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակիցներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը պատգամին մէջ, փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները «Երանի աղքատներուն» նիւթ ունեցող ուխտագնացութեան մասնակիցներուն, նշած է որ նորին Սրբութեան մաղթանք է որ դէպի լուրտ ուխտագնացութեան աղօթքի փորձառութիւնը, եղբայրական սէրը , օգնէ իւրաքանչիւրին ճանչնալու տառապող եւ Փառաւորեալ Յիսուսը հիւանդ եւ տառապող եղբայրներուն մէջ, փորձարկելու նաեւ թէ Աստուած, հաւատքէն բխած մխիթարանքի եւ յոյսի շնորհիւ, նեցուկ է բոլոր անոնց որոնք քաջութեամբ եւ յարատեւութեամբ առօրեան խաչը կը կրեն :

Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտած է ապահովուելով ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը բոլորին եւ փոխանցելով նորին Սրբութեան առաքելական օրհնութիւնը հիւանդներուն եւ ուխտագնացութեան բոլոր մասնակիցներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 11:32