«Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը։ «Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը։  

«Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը։

Զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուած է Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 16 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահ՝ վսեմաշուք Ժորժ Վելլան որ Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ ու անոր ընկերացող՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլիերիի հետ»։  Լուրը կը հաղորդէ  Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը մատնանշելով նաեւ որ զրոյցներու ընթացքին  գնահատանք արտայայտուած  է Մալթայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններուն համար, ապա շեշտը դրուած է Մալթայի ժողովրդի կեանքին ու մշակոյթին ներքոյ կրօնական արժէքներուն վրայ,  ընդգծելով  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը՝ յատկապէս Երկրին դիմագրաւած մի քանի  երեւոյթներու  ծիրէն ներս,  ինչպիսին է գաղթականութեան հարցը ու  բնապահպանութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2019, 13:15