Սուրիացի գաղթականներու լուսանկար: Սուրիացի գաղթականներու լուսանկար: 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պատարագ պիտի մատուցէ գաղթականներու եւ փախստականներուն համաշխարհային օրուան առթիւ:

Գաղթականներուն, փախստականներու նմտահոգութիւնները բոլորիս մտահոգութիւնն է՝ որպէս անհատ եւ որպէս մարդկային մէկ ընտանիք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 29 սեպտեմբերն, առաւօտեան ժամը 10,30ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ՝ գաղթականներուն եւ փախստականներուն համաշխարհային օրուայ առթիւ : Այս մասին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է նաեւ որ գաղթականներուն համաշխարհայինն օրուան նիւթը ոչ միայն կը հայի գաղթականներուն այլեւ անիկա հրաւէր է մտածելու այն իրողութեան մասին , որ գաղթականները – ներգաղթերն ու մարդավաճառութեան զոհերը ամենամեծ մտահոգութիւններէն մին է որ կը դպչի բոլոր մարդկութեան, իբրեւ անհատ եւ իբրեւ մարդկային մէկ ընտանիք:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի գաղթականներուն եւ փախստականներուն բաժանմունքի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ մատուցուելիք սուրբ Պատարագը կազմակերպուած է Իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին կողմէ համագործակցութեամբ Սուրբ աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման եւ գաղթականներու ու փախստականներուն բաժանմունքին::

Սուրբ Աթոռի սոյն բաժանմունքը հրաւէր կ՝ուղղէ աշխարհի բոլոր թեմերու մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ պատարագին:
Նշենք, որ ֆրանչիսկոս Պապ Կիրակի 23 սեպտեմբերին, Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան աւարտին յիշեցուց թէ յառաջիկայ կիրակի՝ 29 սեպտեմբերին, պիտի նշուի Գաղթականի եւ Փախստականի համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ «Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այդ արարողութեան՝ աղօթքի միջոցաւ եւս մեր մօտիկութիւն արտայայտելու համար, համայն աշխարհի գաղթականներուն« ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 12:22