Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Պատրիարքը  

«Սուրբ Պետրոսի մասունքներուն նուէրը դէպի միութիւն տանող վճռական քայլ է» Բարթողոմէոս Ա։

Կ. Պոլսոյ պատրիարքը մեծ զարմանքով ընդունած է այդ անսպասելի նուէրը, որպէս նշան եղբայրական հարազատ սիրոյ, որ կը միացնէ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսներըը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին Սուրբ Պետրոսի մասունքներուն շնորհած նուէրին առթիւ, Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլիին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Բարթողոմէոս Պատրիարքը հաստատած է՝ թէ այդ «անակնկալ նուէրը» նշան է թէ աւետարանութեան միակ ուղին՝ աշխարհին ծառայութիւնն է,  աւելցնելով որ  նուէրը «քրիստոնեաներու միութեան ուղիով վճռական քայլ մըն է»։ 

Ունկնդրէ լուրը

Կ. Պոլսոյ պատրիարքը նշած է թէ մեծ զարմանքով ընդունած է այդ անսպասելի նուէրը ու այդ մէկը գնահատած է որպէս նշան եղբայրական հարազատ սիրոյ որ կը միացնէ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսներըը։ Ու ակնարկելով համամիութենական գործընթացքին գայթակղութիւն նկատած է քրիստոնեաներու բաժանումը, «որովհետեւ չկայ Աւետարանի իսկական վկայութիւն, եթէ ոչ միայն Քրիստոսի մարմնոյն բոլոր անդամներուն միութեան մէջ» հաստատած է Ան այդ առնչութեամբ, նկատել տալով որ միութեան ճանապարհին համար հարկաւոր են երկու ուղիներ. Առաջինը՝ սիրոյ մէջ երկխօսութիւն ու երկրորդը ճշմարտութեան մէջ երկխօսութիւն, «մինչ երրորդ մըն ալ կայ որ մարգարէական է. Այս մասունքներուն նուէրը» ըսած է Բարթողոմէոս Ա։

Զրոյցի ընթացքին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքը պատասխանելով Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, իր կարգին հաստատած է թէ բնական միջավայրի պաշտպանութիւնը Տիեզերական Պատրիարքութեան առաջնահերթ յանձնառումներէն մին է ու թէ այս ուղղութեամբ աղօթքը անհրաժեշտ է։

«Քրիստոնեաները պէտք է յանձնառու ըլլան հոգեւոր բնապահպանութեան մը խթանումին որ հիմնուած ըլլայ դարձի վրայ» ըսած է Բարթողոմէոս Ա, բնութեան կործանումը համարելով որպէս մեղք։

«Հրատապ է փոխել մեր առօրեայի կեանքի ընթացքը, փրկելու համար բնութեան արդեն սահմանափակ կենսամիջոցները ու յատկապէս վերյիշելով արարչագործութեան սրբութիւնը» հաստատծ է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 14:00