Կարելի՞ է Աստուծոյ հանդիպիլ Կարելի՞ է Աստուծոյ հանդիպիլ 

«Կարելի՞ է Աստուծոյ հանդիպիլ. Նոր Աւետարանութեան ուղիներ» միջազգային հանդիպում։

Հաւաքը վերջ կը գտնէ 21 սեպտեմբերին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հաւաքին մասնակցողներուն շնորհած ունկնդրութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

19 – 21 սեպտեմբեր 2019-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ կազմակերպուած է միջազգային հանդիպում որ սահմանուած է Ակադեմիական կեդրոններու եւ Նոր Աւետարանութեան դպրոցներու։

«Կարելի՞ է Աստուծոյ հանդիպիլ. Նոր Աւետարանութեան ուղիներ» բնաբանով միջազգային հանդիպումը նախաձեռնութիւնն է Նոր Աւետարանութեան Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին որ վերջ պիտի գտնէ 21 սեպտեմբերին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հաւաքին մասնակցողներուն շնորհած ունկնդրութեամբ։

Հաւաքին նպատակն է խորհրդածութեան ու կազմաւորումի առիթ ստեղծել Նոր Աւետարանութեան դաշտին մէջ յանձնառու զանազան իրականութիւններուն, անոնց միջեւ խթանելու նպատակով համեմատութիւններ, ոչ միայն Արեւմուտքի մէջ քրիստոնէական հաւատքի տագնապին ի տես այլ նաեւ միասնաբար որոնելու աւետարանութեան նոր ուղիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 09:51