Որոնել

«Ժողովրդավարութիւն. Կրթական հրատապութիւն»  բնաբանով համագումար։ «Ժողովրդավարութիւն. Կրթական հրատապութիւն» բնաբանով համագումար։ 

«Ժողովրդավարութիւն. Կրթական հրատապութիւն» բնաբանով համագումար։

Միջազգային համագումարը նախատեսուած է 16 եւ 17 սեպտեմբեր 2019-ին, Վատիկանի մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Gravissimum Educationis» Քահանայապետական հիմնարկը  մեկնարկ տուած է նոր ծրագրի մը «Ժողովրդավարութիւն. Կրթական հրատապութիւն բազմամշակութային ու բազմակրօն բնագաւառներէն ներս» բնաբանով, որուն մէջ ներգրաւուած են 14 համալսարաններ որոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր բնագաւառէն ներս, հետազօտութեան ու կազմաւորումի գործունէութիւն կը կատարէ ի նպաստ խաղաղութեան, զօրակցութեան ու հասարակաց բարիքի արժէքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

16 եւ 17 սեպտեմբեր 2019-ին, վերոնշեալ հիմնարկի Վատիկանեան կեդրոնատեղիին մէջ նախատեսուած է միջազգային համագումար մը, որուն պիտի մասնակցին երեսունէ աւելի մասնագէտներ ու համալսարանական ուսուցիչներ, որոնք քննարկումներ պիտի կատարեն վերոնշեալ նիւթին շուրջ ու պիտի կիսեն ի գործ դրուած ծրագիրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 09:00