Կարդինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատա։ Կարդինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատա։  

Հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատան։

Կարդինալ Լեվատայի մահուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր յղեց Սան Ֆրանսիսքոյի Արքեպիսկոպոսին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25էն 26 սեպտեմբեր երկարող գիշերուայ ընթացքին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Հաւատոյ Ժողովի երբեմնի կառավարիչ Կարդինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատան։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ծնած էր  15 Յունիս 1936-ին Լոս Անճելըսի թեմին Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ։ 1958-ին  Հռոմ կը փոխադրուի ուր իր աստուածաբանական ուսումները կ՛աւարտէ Յիսուսեաններու  Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 20 սեպտեմբեր 1961-ին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ. ապա հինգ տարուայ տեւողութեամբ կը ծառայէ Լոս Անճելըսի մէջ աստուածաբանութիւն դասաւանդելով «St. John's Seminary School of Theology» նորընծայարանին մօտ։

1976-ին կը կանչուի Սուրբ Աթոռ՝ Հաւատոյ Ժողովէն ներս մատուցելու իր ծառայութիւնը ու միաժամանակ Աստուածաբանութիւն դասաւանդելով Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի մէջ։

25 Մարտ 1983-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք ց Լոս Անճելըսի օգնական եպիսկոպոս կը նշանակէ ու 1986-ին ան կը դառնայ Փորթլանտի Արքեպիսկոպոս, ուր ծառայութիւն կը մատուցէ մինչեւ 1995- երբ կ՛անուանուի Սան Ֆրանսիսքոյի Արքեպիսկոպոս եւ 2000ին ան անդամ կը դառնայ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովին։

2005-ի մայիս 13-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը զայն կ՛անուանէ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ փոխարինելով նոյնինքն Պենետիկտոս ԺԶ։  Կարդինալ Լեվատա պաշտօնէն կը հրաժարի 2012 թուականին։

2006-ին Պենետիկտոս ԺԶ անոր շնորհած է կարդինալական տիտղոսը։

Կարդինալ Լեվատայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ յ 27 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ։  

 

Քահանայապետին ցաւակցութիւնները։

Կարդինալ Լեվատայի մահուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր յղեց Սան Ֆրանսիսքոյի Արքեպիսկոպոս Սալվաթորէ Քորտիլէոնէին որուն մէջ մեծարեց հանգուցեալին ծառայական ու նուիրական գործունէութիւնը ի  նպաստ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն երախտագիտութեամբ յիշելով անոր եզակի ներդրումները քրիստոնէականի դասաւանդութեան, կրթութեան ու կառավարման ասպարեցնեն ներս, ինչպէս նաեւ Առաքելական Աթոռին անոր մատուցած առանձնայատուկ ծառայութիւնը։ Սրբազան Պապը հեռագիրը աւարտեց իր մխիթարական օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Կարդինալ Լեվատային մահը հայցելով Աստուածային ողորմութիւնը՝ անոր հոգւոյն հանգստեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 13:30