Որոնել

Կարդինալներու Խորհուրդի Ժողովը Կարդինալներու Խորհուրդի Ժողովը 

Կարդինալներու Խորհուրդի Ժողովը։ Հաղորդագրութիւն։

Խորհուրդի յաջորդ հաւաքը նախատեսուած է 2,3 եւ 4 դեկտեմբեր 2019-ին.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 19 սեպտեմբեր 2019-ին,Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Կարդինալական Խորհրդի՝ 17 -19 սեպտեմբերին գումարած ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Խորհուրդի անդամ՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Կարդինալ Օսքար Անտրէս Ռոտրիկէս Մարատիական, Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսը, Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ, Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ եւ Կարդինալ  Օսվալտ Կրասիասը։

Ունկնդրէ լուրը

Նիստերուն մասնակցած են նաեւ Խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Մարեչլլօ Սեմերարօ ու օգնական քարտուղար՝ գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ։

Ֆրանչիսկոս Պապը եւս՝ համատեղութեամբ իր առօրեայի գործունէութեան,  իր մասնակցութիւնը բերած է աշխատանքային նիստերուն որոնք տեղի ունեցան ամէն օր առաւօտեան 9էն մինչեւ 12.30 եւ կէսօրէն ետք 16.30էն մինչեւ 19 ու վերջ գտան 19 սեպտեմբերի առաւօտեան նիստով։

Ժողովականները կեդրոնացան ու խորացուցին Առաքելական նոր Սահմանադրութեան նախագիծի քննարկումը, հիմնուելով եպիսկոպոսական տարբեր համահաւաք դասերու կողմէ ներկայացուած դիտարկումներու վրայ։

Խորհուրդի յաջորդ հաւաքը նախատեսուած է 2,3 եւ 4 դեկտեմբեր 2019-ին.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 13:48