Որոնել

Անչափահասի մը լուսանկար Անչափահասի մը լուսանկար 

Անչափահասներուն պաշտպանութիւնը թող ներառուի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ:

Քահանայապետական յանձնախումբը կը շարունակէ ամէն ջանք թափել պաշտպանելու համար անչափահասները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, եզրափակուեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած  անչափահասներուն պաշտպանութեան վերաբերեալ Քահանայապետական անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնախումբի գումարած ժողովները:

Անցեալ՝ 13 սեպտեմբերն սկիզբ առած վերոնշեալ Վատիկանեան յանձնախումբի գումարած ժողովներուն ընթացքին ունկնդրուեցաւ սեռային չարաշահումի զոհ, Պրազիլցի վկայի  մը ցաւալի եւ ողբերգական փորձառութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Անչափահասներուն պաշտպանութեան նուիրուած քահանայապետական յանձնախումբի գումարած ժողովներուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ Սուրբ Աթոռի տարբեր ժողովներու, գրասենեակներու եւ բաժանմունքներուն  միջեւ սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելու հրամայականը, դիւրացնելու համար եկեղեցիէն ներս անչափահասներուն պարտապանութեան ի նպաստ աշխատանքները:

Ժողովի աւարտին յանձնախումբի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է,  որ մշտական կարիքը կայ  որ անչափահասներուն պաշտպանութեան ի ի նպաստ առաքելութիւնը ու մշակոյթը ներառուի եկեղեցւոյ կեանքին մէ՝ջ համաշխարհային մակարդակի վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Քահանայապետական յանձնախումբը կը շարունակէ ամէն ջանք թափել պաշտպանելու համար անչափահասները՝երկխօսութիւն կատարելով վերապրած զոհերուն հետ եւ որդեգրելով եւ խթանելով անչափահասներուն պաշտպանութեան ի նպաստ կրթական եւ կազմաւորման  խիստ օրէնքներ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 09:07