Ամազոնէն առնուած լուսանկար Ամազոնէն առնուած լուսանկար 

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին «Պաշտպանենք անտարներն ու անոնց բնակիչները:

Անտարները նկատել, որպէս սրբավայր որ կարիքը ունի մշտական վերանորոգումի եւ մշակումի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ելոյթ մը ունեցած է ՄԱԿ- ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ գումարած անտարներուն պաշտպանութեան ի խնդիր ընդհանուր ժողովին ընթացքին:

Ունկնդրէ լուրը

Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը նկատել տուած է որ անտարներուն արագընթաց կործանումէ յառաջացած տագնապը ոչ միայն կենսոլորտ ային տագնապ է այլեւ եւ մասնաւորապէս բարոյական:

Կարդինալը նկատելով տալով, որ բոլորս քաջ գիտակից ենք, թէ անտարները ինչքան կարեւոր են համայն աշխարհի ու մարդկութեան ապագային համար, ընդգծեց թէ անտարները ամենավստահելի վերականգնող աղբիւր ու էական են մարդկային համապարփակ զարգացման: Ան յորդորեց, որ պէտք չէ անտարները նկատել պարզապէս որպէս հարստութիւն այլ որպէս սրբավայր մը մշտական կարիքը ունի վերանորոգումի եւ մշակումի:

Կարդինալ Փարոլին շեշտեց նաեւ, որ անտարներու քանդումի հետեւանքով ամէնէն շատ տառապողները այն մարդիկը են, որոնք կ՝ապրին անտարներու մէջ եւ կը պատկանին այդ տարածաշրջանին ընկերային մշակոյթին:
Կարդինալ Փարոլին յիշեցուց նաեւ, որ երկու շաբաթէն, 6 հոկտեմբերին վատիկանի մէջ բացումը պիտի կատարուի աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն սինոդին՝ ամազոնեան տարածաշրջանի վերաբերեալ, որուն կեդրոնական նիւթը պիտի հանդիսանայ եկեղեցական եւ հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները՝ այդ տարածաշրջանէն ներս , յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուելով բնիկ ժողովուրդներուն: քննարկումի նիւթ պիտի հանդիսանայ նաեւ ամազոնեան տարածաշրջանը յուզող մարդկային , բնապահպանողական, ընկերային եւ տնտեսական հարցեր ինչպէս նաեւ մարդկութեան հայող խնդիրներ:

Կարդինալ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին վերջերս Մատակասքար կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին արտասանած ճարերէ քաղուած հատուած մը: կարելի չէ իսկական բնապահպանողական մօտեցում ունենալ եւ ոչ իսկ առարկայական արարք ՝ կենսոլորտի պահպանութեան նկատմամբ, առանց ընկերային արդարութեան, որ կ՝երաշխաւորէ, երկիր մոլորակին բարիքները հաւասար կերպով օգտագործելու իրաւունքը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 09:35