Գերագոյն կոմիտէի անդամները ֆրանչիսկոս Պապին հետ: Գերագոյն կոմիտէի անդամները ֆրանչիսկոս Պապին հետ: 

Րաբունապետ Մ. Պրուս Լուսթիկ ներառուած է Մարդկային եղբայրութեան Գերագոյն կոմիտէին մէջ:

Բարձրագոյն կոմիտէն հիմնուած է հետապնդելու համար մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին նպատակները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդկային եղբարութեան գերագոյն կոմիտէն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը նշելով որ մարդկային եղբայրութեան կոմիտէին մէջ ներառուած է Ուաշինկթընի Հրէաներուն համաժողովին անդամ Րաբունապետ Մ. Պրուս Լուսթիկ: Մարդկային եղբայրութեան նպատակները իրականացնելու համար, այժմ գերագոյն կոմիտէ բաղկացած է 8 անդամներէ: նշուած է յայտարարութեան մէջ :

Ունկնդրէ լուրը

Ի լուր սոյն անուանումին, Րաբունապետ Պրուս Լուսթիկ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի , Ալ Ահմատ Ալ Թայէպ աւագ Իմամի զօրակցութեան եւ քաջալերանքին համար՝ ինչպէս նաեւ անոնց անկեղծ ջանքերուն համար՝ մարդկային եղբայրութեան առաքելութիւն իրականացման ի խնդիր :
Րաբունապետը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ գերագոյն կոմիտէին, հրէա հասարակութենէն իբրեւ ներկայացուցիչ ընտրուելուն համար՝ ուրախութեամբ ընդունելով սոն նոր պատշօնը:

«Պատիւ կը զգամ մաս կազմելու յարգարժան այն անձերու որոնք կը գործեն պաշտպանելու համար ատելութիւնը ընդդէմ ատելութեան, արդարութիւնը ընդդէմ անարդարութեան եւ հաւատքը ընդէմ վախի»: ըսած է Րաբունապետը:
Մինչ՝ բարձրագոյն կոմիտէի նախագահ, Գերապայծառ Այուսօ Կիսօ մեծ ուրախութեամբ ողջունած է Րաբունապետ Պրուս Լուսթիկի մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէին անդամակցութիւնը , նշելով որ մարդկային եղբայրութեան գերագոյն կոմիտէն մեծ ուրախութեամբ կը հիւրընկալէ կրօնական- մշակութային բոլոր այն անձերը որոնք կը նպաստեն մարդկային եղբայրութեան յարգալից նպատակներու իրականցման:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 10:07