Ֆրանչիսկոս Պապը Աքամասոայի մանուկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Աքամասոայի մանուկներուն հետ  Խմբագրական

«Յոյս, ուրախութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապին Ափրիկէի ճամբորդութինը։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականը։

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

Քահանայապետին առաքելական միջազգային 31-րդ ճամբորդութեան աւարտին առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի, հրապարակեց խմբագրական մը, որուն մէջ հաստատեց թէ «Քահանայապետին ճամբորդութեան խիտ եւ արտակարգ օրերէն, մտքին մէջ դրոշմուած կը մնան ուրախութեամբ լի մանուկներուն դիմագիծերը, Մափութոյի եւ Անթանանարիվոյի ցեխոտ եւ փոշոտ ճամբաներու վրայ,  Ֆրանչիսկոս Պապին  ընկերացող մարդիկն ու կիները, որոնք ոգեւորեցին  երեք երկիրներու մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց արտայայտած ուրախութիւնը, հակառակ դժուարութիւններուն ու անապահով պայմաններուն, որոնց մէջ ստիպուած են ապրիլ շատեր, մեծ բան ունի սորվեցնելիք մեզի բոլորիս։ Այն է որ ժողովուրդի մը բարեկեցութիւնը դիզելու համար բաւարար չեն տնտեսութեան կապուած չափանիշերը. Ապրուած հաւատքը, բարեկամութիւնը, յարաբերութիւններու կարելիութիւնը, ընտանեկան կապերը, զօրակցութիւնը ու փոքրիկ բաներով գոհանալու կարողութիւնը ինչպէս նաեւ նուիրուելու տրամադրութիւնը, երբեք չեն կրնար վիճակագրութիւններու մաս կազմել։

Համայն ճամբորդութեան ամեն յուզիչ պահը եղաւ անկասկած՝ Աքամասոայի 8 հազար մանուկներու հետ հանդիպումը, այն վայրին մէջ ուր առաջ կար մեծ աղբակոյտ մը ու այժմ կառուցուած են  փոքրիկ բնակարաններ, դպրոցներ, եւ զբօսավայրեր։

Հայր Փետրօ Օփեքային 30 տարիներ առաջ սկիզբ առած գործունէութիւնը,  աշխարհի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գանձերէն մին է։  Գործ որ կը մարմնացնէ քրիստոնէական յոյսը։

Շնորհիւ այդ միսիոնարի նուիրումին, հազարաւոր ընտանիքներ, վերագտան աշխատանք ու արժանապատւութիւն եւ հազարաւոր մանուկներ վերագտան յարկ մը՝ որուն տակ ապրիլ, կերակուր եւ դպրոց յաճախելու կարելիութիւն։

Աքամասոայի մանուկներուն Քահանայապետին վերապահած աղմկարար ու տօնական հիւրընկալութիւնը, հոգիին համար վառելանիւթ է։

Քանի՜ հայր Փետրոներ կան Ափրիկէի, Ասիայի, Լատին Ամերիկայի մէջ ու նաեւ Արեւմուտքի ամենախնդրայարոյց արուարձաններուն մէջ։

Դիտելով այդ մանուկներուն դէմքերը, ուրախ՝ իրենց տան մէջ հիւրընկալած ըլլալուն Հռոմէն Ճերմակ զգեստով Տատիկը, կը տեսնենք Եկեղեցւոյ ամենախոր էութիւնն ու անոր առաքելութիւնը. Աւետարանել եւ խթանել մարդը։ Աւետարանել, ընտրելով մօտիկութիւնը՝ տկարներուն եւ բացառուածներուն։ Աւետարանել՝ վկայելով «Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ որոշեց ապրիլ ու մնալ միշտ իր ժողովուրդին մէջ», ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Աքամասոայի մէջ։

Այս օրերուն ընթացքին Քահանայապետը յաճախ յորդոր ուղղեց քահանաներուն կրօնաւորներուն  եւ կրօնաւորուհիներուն, վերակենդանացնելու միսիոներական հոգիի իսկական կրակը, որ չի կրնար անջատուած մնալ տառապողին նկատմամբ մօտիկութենէն։

Ֆրանչիսկոս հրաւիրեց նաեւ աղքատներու վիճակը ճակատագրական չի նկատել. «Երբեք մի վհատիք աղքատութեան բացասական հետեւանքներու դիմաց, մի զիջիք դիւրին կեանքի կամ ձեր մէջ փակուելու փորձութեան»։

Իսկ միւս կարմիր դէլը որ իրարու կապեց ճամբորդութեան ժամադրութիւնները՝ եղաւ կառավարութիւններու, քաղաքական ու քաղաքացիական  իշխանութիւններուն ուղղուած պատասխանատուութեան հրաւէրը ՝ որպէսզի ձեռք բերուին զարգացումի ճանապարհի վրայ նոր ուղիներ։ 

Նորարարական ուղիներ, որոնք կարող ըլլան կառուցողական քննարկումի տակ դնել առկայ տնտեսա- ֆինանսական համակարգը, ժողովուրդները  դարձնելով  կառուցողներ՝  աւելի արդար, աւելի զօրակից, կեանքի արժանապատուութիւնը, մշակոյթներն ու աւանդութիւնները յարգող ապագայի,  ու կառուցողները ապագայի մը որ կը յարգէ արարչագործութիւնը, զոր մեզի տրուեցաւ որպէսզի զայն փոխանցենք մեր զաւակներուն առանց զայն յափշտակելու։

Ափրիկէի մէջ եւ Ափրիկէի համար արտասանուած պատգամներ են ասոնք, սակայն սահմանուած են նաեւ մեզի բոլորիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 08:30