Կարդինալ Փարոլին. Քահանայապետը Ափրիկէի մէջ յոյսի վկայ պիտի ըլլայ։ Կարդինալ Փարոլին. Քահանայապետը Ափրիկէի մէջ յոյսի վկայ պիտի ըլլայ։  

Կարդինալ Փարոլին. Քահանայապետը Ափրիկէի մէջ յոյսի վկայ պիտի ըլլայ։

«Խաղաղութիւն, արարչագործութեան խնամք ու հանդիպումի մշակոյթ», ասոնք ենք Քահանայապետին 31-րդ առաքելական ճամբորդութեան առանցքը կազմող նիւթերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեծ են Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 4էն 10 սեպտեմբեր 2019-ին  Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիուսի հանրապետութիւն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան սպասումները։ Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ ցամաքամաս մը  որ յաճախ վիրաւոր է  թէեւ կարող է նաեւ կառուցել  յոյսի ներկայ ու ապագայ մը։  

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ մաս պիտի կազմէ Քահանայապետին ընկերացող  պատուիրակութեան, ճամբորդութեան նախօրեակին Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին  կը վերահաստատէ այդ ճամբորդութիւնը ոգեւորող խաղաղութեան եւ երկխօսութեան  զօրեղ ձգտումը։

«Ափրիկէն յաճախ կը ներկայացուի հարցերով, հակամարտութիւններով ու համաճարակներով լի ցամաքամաս մը…սակայն ես կը հաւատամ որ Ափրիկէն նախ եւ առաջ մարդկութեամբ, արժէքներով, ու հաւատքով հարուստ հողամաս մըն է» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը վստահեցնելով  որ «նոյն այդ զգացումներով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մեկնի այնտեղ»։

Ընդգծելով ապա ճամբորդութեան առանցքը կազմող նիւթերը Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը հաստատեց թէ «առաջինը խաղաղութիւնն է, ապա արարչագործութեան խնամքը հուսկ հանդիպումի մշակոյթը, որոնք միասնաբար յոյսի չափանիշ մըն են»։

Անդրադարձ կատարելով ամէն մէկ երկրի իրականութեան Կարդինալ Փարոլին մատնանշեց որ Մոզամբիկը ունեցած է խռովալի պատմութիւն որ «յատկանշուած է անկախութեան պատերազմով, որուն յաջորդեց քաղաքացիական պատերազմը,  որ վերջ գտաւ 1992-ին Հռոմի մէջ կնքուած համաձայնութեամբ, շնորհիւ հակամարտող կողմերու բարի կամքին»։

»Այդ ժամանակահատուածի ընթացքին եկեղեցին եւս տառապեցաւ բնակչութեան հետ ու Քահանայապետը այնտեղ կ՛երթայ ընդգծելու համար երկխօսութեան կարեւորութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին շեշտելով  «Երկխօսութեան» կարեւորութիւնը որուն կը հետեւի մերժումը՝ մերժում  զէնքի ու բռնութեան տրամաբանութեան որպէս հակամարտութիւններու լուծման մեթոտ, ու դիմում փոխադարձ ունկնդրութեան, համագործակցութեան ի նպաստ բնակչութեան համապարփակ զարգացումին»։  «Այս մէկը պէտք է կատարել նոր մտածելակերպով ու հարցերու նկատմամբ նոր մօտեցումով» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց թէ ինք յուզումով կը յիշէ Մատակասկարը, զոր առիթը ունեցած է այցելել տարիներ առաջ։

«Երիտասարդ երկիր մը որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ առաջինը երիտասարդներուն մարտահրաւէրն է, ու անոնց ապագայի մտահոգութիւնը։   Երկրորդ մարտահրաւէրը աղքատութիւնն է։ Հարկաւոր է շրջանցել այն  բացը որ կայ փոքր հարուստ խաւերու ու բնակչութեան մեծամասնութիւնը նկատուող աղքատ խաւի միջեւ։ «Կը կարծեմ թէ Քահանայապետին ճամբորդութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ, բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն ապահովելու հնարաւորութիւններ յոյսի ու ապագայի» հաստատեց Կարդինալ Փարոլին մատնանշելով նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու անոր յոյսի վկայութեան։ Քահանայապետը, ըսաւ միշտ Կարդինալ Փարոլին, հոն կ՛երթայ ամրապնդելու ու զօրացնելու եկեղեցւոյ յանձնառումն ու ջանքերը ի նպաստ բնակչութեան։

Մաուրիցուսի հանրապետութեան այցելութեան մասին արտայայտուելով  Կարդինալ Փարոլին շեշտեց հանդիպումի մշակոյթի կարեւորութիւնը ի տես  հանրապետութեան բազմացեղային, բազմակրօնային ու բազմամշակութային բնոյթին։

Հարցազրոյցի աւարտին, Կարդինալ Փարոլինը իր ուրախութիւնը յայտնելով Քահանայապետին  Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք այդ ճամբորդութեան ընկերակցելուն համար, մաղթանք յայտնեց որ Ափրիկեցիները գիտակցութիւնը ունենան թէ իրենց կ՛իյնայ իրենց ընկերութենէն, երկիրներէն ու պետութիւններէն ներս հարցերու լուծում գտնելու պատասխանատուութիւնը։ Եւ միւս կողմէն մաղթեց որ միջազգային հասարակութիւնը եւս տարբեր աչքերով նայի Ափրիկէին որ կարօտը ունի բարեկամներու եւ ոչ թէ շահ փնտռող ու չարաշահող անձերու։ «Մարդոց որոնք իսկապէս կ՛ուզեն օգնել այդ ցամաքամասին որպէսզի ի գործ դնէ իր բոլոր կենսամիջոցները ի նպաստ զարգացումի ու բարօրութեան» յարեց Կարդինալ Փարոլին ու մաղթեց նաեւ որ Ափրիկէի եկեղեցին ու կաթողիկէ հասարակութիւնը եւս վայելեն բարի կամք ունեցող մարդոց օժանդակութիւնը, որպէսզի անոնք եւս աճին ու միշտ աւելիով իրենք զիրենք դնեն Աւետարանի եւ ընկերութեան ծառայութեան տակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 15:30