Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վիեթնամի  պատուիրակութիւնը: Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վիեթնամի պատուիրակութիւնը:  

Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ աշխանտանքային խմբակի հանդիպումը Վատիկանի մէջ

Վիեթնամի պատուիրակութիւնը շեշտած է թէ Վիեթնամի պետութիւնը հետեւողականօրէն բարելաւած է հաստատուն քաղաքականութեան իրականացում մը, հաւատալիքներու եւ կրօնքի ազատութեան երաշխաւորութեան նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած է Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ աշխատանքային խմբակի հանդիպումը, որուն նախագահած են Վատիկանի պետական քարտուղարութեան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի ենթաքարտուղար Գերպ. Անթուան Քամիլլերի, որ նաեւ ղեկավարն էր Սուրբ Աթոռի Պատուիրակութեան, եւ Թո Անհ Տունկ, Վիեթնամի արտաքին գործերու փոխ նախարար։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն հանդիպումի ժամանակ կատարուած է կարծիքներու խորաթափանց փոխանակում Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ, որոնց կարգին Վիեթնամի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Վերջին տարիներուն երկու պատուիրակութիւնները կատարած են երկկողմանի յարաբերութիւններու դրական զարգացման գոհացուցիչ աշխատանքներ։

Ունկնդրէ լուրը

Վիեթնամի պատուիրակութիւնը շեշտած է թէ Վիեթնամի պետութիւնը հետեւողականօրէն բարելաւած է հաստատուն քաղաքականութեան իրականացում մը, հաւատալիքներու եւ կրօնքի ազատութեան երաշխաւորութեան նկատմամբ։ Այս հանգամանքը նպաստած է կաթողիկէ հասարակութեան գործունէութեան զարգացման՝ Վիեթնամի մէջ։ Սուրբ Աթոռը իր գնահատանքը արտայայտած է Վիեթնամի պետութեան ընձեռած օգնութեան համար եւ շեշտած է կաթողիկէ հաւատացեալներու ցանկութիւնը՝ ապրիլ իրենց կոչումը իբր լաւ կաթողիկէներ եւ լաւ քաղաքացիներ՝ ազդու կերպով նպաստելու համար Վիեթնամի զարգացման եւ բարեկեցութեան։

Երկու պատուիրակութիւնները նաեւ քննարկած են եկեղեցւոյ վիճակին հայող հարցեր։ Կայացած է համաձայնութիւն՝ մօտակայ ապագային Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ անդրագոյնս յառաջացնելու յարաբերութիւնները։

Երկու կողմերն ալ հաւաստիացուցած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակել երկխօսութիւնը վստահութեան եւ յարգանքի հիման վրայ, հիմնուած երկկողմանի համաձայնութեան արժանացած սկզբունքներու վրայ, որոնք կը հային երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Անոնք ընդգծած են հաղորդակցութիւնը յառաջացնելու կարեւորութիւնը, նեռարեալ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւնները։

Վատիկան այցելութեան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունած է Վիեթնամի պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ պետական քարտուղարութեան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըրի։ Ինչպէս կը հաղորդէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, սոյն հանդիպումները տեղի ունեցած են ջերմ մթնոլորտի մէջ, բարի կամեցողութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2019, 10:34