Մարդասիրութեան միջազգային օր Մարդասիրութեան միջազգային օր 

19 օգոստոսը Մարդասիրութեան միջազգային օր է – Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«Այսօր կը յիշենք բոլոր քաջ կիները որոնք կ՛ընթանան դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նշան է Աստուծոյ մօտիկութեան եւ կարեկցութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 19 օգոստոսին կը նշուի Մարդասիրութեան միջազգային օրը որ հաստատուած է 2009-ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ ի յիշատակ 2003-ին Պաղտատի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին դէմ մահապարտներու կողմէ իրականացուած ահաբեկութեան, որուն պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուին ՄԱԿ-ի 22 աշխատակիցներ։ Զոհերու շարքին էր նաեւ Սերխիօ Վիեյրա Տը Մելոնը որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերու տեղակալն էր եւ Արտակարգ իրավիճակներու օգնութեան համակարգողը։ Ան իր կեանքի երեք տասնամեակը նուիրած էր աշխարհի՝ պատերազմներէն յօշոտուած ու աւերուած տարածաշրջաններու մ էջ խաղաղութեան հաստատման ու փախստականներու օգնութեան գործին։

Ունկնդրէ լուրը

Մարդասի­րութեան համաշխարհային օրը առիթ է  արժեւորելու անոնք որոնք  ուրիշներուն օգնելու համար կը դիմակայեն վտանգներ և նեղութիւններ, ինչպէս նաև հանրութեան ուշադ­րութիւնը հրաւիրելու միջազգային համագործակ­ցութեան կարևորու­թեան վրայ՝ մարդասիրական կարիքները հոգալու գործին մէջ։

2019-ի Մարդասիրական համաշխարհային օրուայ քարոզարշաւը  նուիրուած է բոլոր այն քաջ կիներուն որոնք տագնապի տարածաշրջաններուն մէջ յանձնառութեամբ կը գործեն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար բոլոր կարիքաւորներուն։

Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. «Այսօր կը յիշենք բոլոր քաջ կիները որոնք կ՛ընթանան դէպի դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն  եւ քոյրերուն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նշան է Աստուծոյ մօտիկութեան եւ կարեկցութեան #WomenHumanitarians»։

2019-ի Մարդասիրութեան Միջազգային օրուան նուիրուած ՄԱԿ-ի տեսերիզը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2019, 13:30