Որոնել

Ուսմունք Ուսմունք 

«Բաց հորիզոններով կրթութիւնը կ՛օգնէ երիտասարդներուն երազելու եւ կառուցելու աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան այս տարուայ կեդրոնական նիւթն է «Փոխակերպել կրթութիւնը».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

10 - 24 տարեկան 1.8 միլիառ երիտասարդներ աշխարհի մէջ այսօր կը խաղան կարեւոր դերակատարութիւն, սակայն 6 – 14 տարեկան երախաներուն կէսը, այսօր կ՛ապրի ուսուցման ճգնաժամ մը, որ կը սպառնայ լրջօրէն խոչընդոտել կայուն զարգացումին նպատակներու հասնելու ուղղութեամբ առաջընթացքը։

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Երիտասարդութեան սոյն միջազգային օրը հռչակուած է 1999 թուականին, նպատակ ունենալով  ուշադրութիւն յատկացնել երիտասարդներուն ու աշխարհի բարելաւումի ուղիով անոնց խաղացած կարեւոր դերակատարութեան։

2019-ի նիւթը «Փոխակերպել կրթութիւնը» կը մտի դաստիարակութիւնը դարձնել աւելի մատչելի բոլոր երիտասարդներուն համար հաւասարապէս, անոնց երաշխաւորելով որակաւոր դաստիարակութեան կարելիութիւնը։ 2019-ի երիտասարդութեան համաշխարհին օրը կը քննարկէ թէ ի՞նչպէս կառավարութիւնները, երիտասարդներն ու անոնցմով զբաղող կամ անոնցմէ կազմուած կազմակերպութիւնները ինչպէս նաեւ ընկերութեան այլ դերակատարներ «կրթական ասպարէզը կը բարեփոխեն, զայն դարձնելու նպատակով ուժեղ գործիք մը, իրականացնելու համար կայուն զարգացման 2030-ի ծրագիրը։

ՄԱԿ-ի երիտասարդութեան միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թութ մը որուն մէջ նշեց «Վերացականին նկատմամբ բաց հորիզոններով կրթութիւնը կ՛օգնէ երիտասարդներուն երազելու եւ կառուցելու աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը» #IYD2019

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2019, 13:30