Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին բնիկներու հետ հանդիպում Ֆրանչիսկոս Պապին բնիկներու հետ հանդիպում 

«Բնիկ Ժողովուրդներու միջազգային օր» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«Բնիկ Ժողովուրդները իրենց լեզուներու, մշակոյթներու աւանդութիւններու ու հինաւուրց հմտութիւններու բազմազանութիւններով, մեզի կը յիշեցնեն որ բոլորս պատասխանատու ենք արարչութեան հոգատարութեան՝ զոր Աստուած մեզի յանձնեց»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 օգոստոսին կը յիշատակուի «Բնիկ Ժողովուրդներու միջազգային օրը» հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ ի միտ ունենալով ուշադրութիւն դարձնել տեղաբնիկ ժողովուրդներու ինքնութեան, անոնց ապրելակերպի, հողի ու տարածաշրջանի ինչպէս նաեւ բնական կենսամիջոցներու օգտագործման իրաւունքի պաշտպանութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Տեղաբնիկ ժողովուրդները աշխարհի վրայ կը հաշուեն 370 Միլիոն անձ որոնք կ՛ապրին 90 երկիրներու մէջ։ Անոնք աշխարհի բնակչութեան 5 առ հարիւրն են սակայն յաճախ թիրախ են չարաշահումներու եւ անարդարութիւններու։

Արդարեւ անոնք այսօր կը պահանջեն իրենց ինքնութեան ճանաչումը ու իրենց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

2019-ի Բնիկ Ժողովուրդներու միջազգային օրը նուիրուած է բնիկ ժողովուրդներու լեզուին

Յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2019-ին Վատիկանի մէջ  գումարուած է եպիսկոպոսական սիւնհոդոս մը յատկացուած Ամազոնեան շրջանին ու այդ շրջանի մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդներուն։  Սիւնհոդոսի առթիւ լոյս տեսած աշխատանքային թղթածրարը զանազան գլուխներու մէջ կ՛անդրադառնայ տեղաբնիկ ժողովուրդներու մշակոյթին ու անոնց լեզուին։ «Գետը մեզ չի բաժներ, մեզ կը միացնէ ու մեզ կ՛օգնէ ապրելու միասին տարբեր մշակոյթներու եւ լեզուներու միջեւ» գրուած է աշխատանքային թղթածրարին 8րդ հատուածին մէջ ։

Բնիկ ժողովուրդներու միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. Բնիկ Ժողովուրդները իրենց լեզուներու, մշակոյթներու աւանդութիւններու ու հինաւուրց հմտութիւններու բազմազանութիւններով, մեզի կը յիշեցնեն որ բոլորս պատասխանատու ենք արարչութեան հոգատարութեան՝ զոր Աստուած մեզի յանձնեց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2019, 13:30